image

Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փեզեշքիանին «առարկայական գնահատականներ»ու համար

Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փեզեշքիանին «առարկայական գնահատականներ»ու  համար

Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ։

Ըստ վարչապետի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան՝ Փաշինեան Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է օգոստոս 8-ին ԱՄՆ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքները՝ շեշտադրելով այն հնարաւորութիւնները, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը կը բանայ տարածաշրջանի համար։

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ տարածաշրջանային հաղորդուղիները պիտի գործեն երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան սկզբունքներու շրջածիրէն ներս եւ փոխադարձութեան հիման վրայ։

Վարչապետն Իրանի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնած է ուաշինկթընեան համաձայնութիւններու մասին առարկայական գնահատականներով հանդէս գալու համար եւ ընդգծած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի՝ առաջիկային Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարելիք այցի կարեւորութիւնը։