image

Ցեղասպանութեան Զոհերու Սրբադասումը. Ի՞նչ Է Անոնց Սրբադասման Իմաստը.Հրաչ Չիլինկիրեան

Ցեղասպանութեան Զոհերու Սրբադասումը. Ի՞նչ Է Անոնց Սրբադասման Իմաստը.Հրաչ Չիլինկիրեան

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու 75-ամեակին առիթով 1989 ապրիլ 29-ին հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ. կ’առաջարկէին «շարունակել Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման նախապատրաստական աշխատանքները»: Արդարեւ, նահատակներու կրօնական ոգեկոչման գաղափարը սկիզբ կ՛առնէր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920) տարիներուն, երբ կառավարութիւնը արդէն պաշտօնապէս դիմած էր Գէորգ Ե. կաթողիկոսին, որպէսզի մարտիրոսները ընդգրկուին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ:

Նոյեմբեր 2014-ին զոյգ կաթողիկոսներու հովանաւորութեամբ կայացած Եպիսկոպոսական ժողովը յայտարարեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը պաշտօնապէս պիտի սրբադասուին 2015 ապրիլ 23-ին: Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայց. եկեղեցւոյ նոր սուրբերը հռչակուեցան եւ մեծարուեցան: Հայ եկեղեցւոյ կողմէ վերջին սրբադասումը կայացած էր աւելի քան 500 տարի առաջ:

Սրբադասումը սրբութեան հռչակման վերջին հանգրուանն է, որով եկեղեցին կը հաստատէ, թէ անձ մը կամ խումբ մը Աստուծոյ սրբութիւնը բաժնող կը նկատուին, եւ թէ` անոնց կեանքը քրիստոնէական Աւետարանի ճշմարտութեան եւ վաւերականութեան վկայութիւնն է:  Սուրբերը կը միանան Աստուծոյ եւ կը բաժնեն երկնային կեանքի յաւերժականութիւնը ամէն պղծութենէ հեռու` աստուածային անվախճան կեանքի մը մէջ եւ կը գտնեն իրական կեանքը Աստուծոյ կողքին: Այս առումով հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ իրենց օրինակելի կեանքով սուրբերը քրիստոնէութեան անբաժանելի մասնիկն են եւ իրենց յատկանշական տեղը ունին «Մէկ, ընդհանրական եւ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ» վարդապետական, ծիսական եւ պաշտամունքային աւանդութիւններուն մէջ:

Վերջին երեք տասնամեակներուն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հարցը յանձնուած էր զանազան յանձնաժողովներու եւ եկեղեցական պատասխանատուներու սեղմ շրջանակի մը: Այս ընթացքին սրբացման աստուածաբանական իմաստը եւ անոր կապը` հաւատամքի եւ բարեպաշտութեան հետ, երբեք լայնօրէն չներկայացուեցան հայ հաւատացեալին: Նախ եւ առաջ սուրբերը կը սրբադասուին հաւատացեալներուն համար: Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբացումը չի նշանակեր անոնց «պատուոյ շքանշան» շնորհել, այլ զանոնք կը դարձնէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ Հայց. եկեղեցւոյ աւետարանչական եւ հոգեւոր կրթական առաքելութիւնը շարունակելու ծառայող օրինակներ: Արդեօք Ցեղասպանութեան զոհերու եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասումը 100-ամեակի առիթով «խորհրդանշական արժէ՞ք» մը կը ներկայացնէ միայն, թէ՞ նոր սուրբերու հռչակումը պիտի ծառայէ որպէս բացառիկ առիթ մը` վերանորոգելու եւ վերակենդանացնելու Հայց. առաքելական եկեղեցին` 21-րդ դարուն: Այս հարցադրումը լուրջ խորհրդածութեան կը կարօտի:

Քաղաքական եւ աստուածաբանական հարցեր

Հիմա որ Ցեղասպանութեան նահատակները սրբադասուեցան, Հայց. եկեղեցին կը գտնուի դաւանաբանական հրամայականի մը առջեւ, այսինքն անոնք այլեւս զոհեր չեն, այլ` Քրիստոսի յաղթականները: Այլեւս չենք կրնար իրենց մահը ողբալու համար հոգեհանգիստներ կատարել, ինչպէս որ սովոր էինք: Փոխարէնը` Ս. պատարագի ընթացքին պէտք է յիշենք իրենց անունները, խնդրելով անոնց միջնորդութիւնը եւ տօնելով իրենց յաղթանակը մահուան դէմ, ի Քրիստոս եւ անոր միջոցով: Ցեղասպանութեան յիշատակութեան սգապատիր եւ տխուր մթնոլորտը այժմ պէտք է փոխարինուի «տօնակատարութեամբ»: Զոհերը այլեւս զոհ չեն, այլ` սուրբեր, որոնք կ՛ապրին Աստուծոյ փառքին մէջ, այսինքն միացած են Աստուծոյ` յաւիտենական կեանքի մը մէջ, զերծ ամէն պղծութենէ եւ գտած են Անոր ճշմարտութիւնը: Ուրեմն հարց կը ծագի, թէ արդեօք հայերը պատրա՞ստ են իրենք զիրենք վկաներ նկատելու Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան, որուն համար հարիւր հազարաւորներ իրենց կեանքը տուին`  փոխանակ տեւաբար իրենք զիրենք զոհեր նկատելու:

Քաղաքականօրէն Ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ի վեր հայերը հաւաքաբար ընդհանրապէս ամբողջ աշխարհէն եւ յատկապէս Թուրքիայէն արդարութիւն կը պահանջեն Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն համար: Մինչ զոհերուն սրբադասումը փաստօրէն (de facto) կը լուծէ անոնց կեանքի համար արդարութեան հարցը, եկեղեցւոյ սուրբերուն համար քաղաքական արդարութեան պահանջը կը մնայ խնդրայարոյց: Առաւել, Թուրքիոյ հետ հողային հարցը կրնայ աւելի եւս կնճռոտիլ: Ինչպէս սովորութիւն է այլ սուրբերու պարագային, արդեօ՞ք հայերու նահատակութեան վայրերը պէտք է որպէս սրբավայրեր նկատուին կամ` «Սուրբ հողեր»: Տակաւին շատ քաղաքական անուղղակի անդրադարձներ կան, որոնք պէտք է ուշադրութեամբ քննարկուին:

Ցեղասպանութեան մարտիրոսներու սրբադասումը պէտք չէ բնաւ նկատուի որպէս 100-ամեակի իրադարձութեանց յաւելեալ «փայլք» բերող եղելութիւն մը: Նոյնիսկ եթէ Թուրքիան եւ աշխարհի տարբեր երկիրներ կը շարունակեն ժխտել Ցեղասպանութիւնը, սրբադասումը պէտք չէ նկատուի իբրեւ այս ուրացման հակադարձ պատասխան մը եւ մեր զայրոյթին մէջ մեր զոհերը մեծարելու գերագոյն ճիգ մը` զանոնք որպէս սուրբեր յայտարարելով:

Մեր զոհերուն հանդէպ անարդարութիւն պիտի ըլլայ նկատի չառնել անոնց Քրիստոսի համար նահատակութիւնը եւ ասոր անդրադարձը մեր կեանքերուն վրայ` որպէս անհատներու եւ որպէս ազգի: Ինչպէս աշխարհիկ կեանքի այսօրուան «երեւելիները», եկեղեցւոյ սուրբերը պաշտամունքի եւ հետեւելու արժանի օրինակներ են:  Որպէս հայ քրիստոնեաներ պէտք է կարենալ ապրիլ սուրբերու արժանիքները եւ հետեւիլ անոնց «երկնային թագաւորութեան» հասնելու օրինակին: Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումը կը նշանակէ շարունակել անոնց Քրիստոսի վկայութիւնը Հայց. եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ Աւետարանի քարոզչութեան միջոցով:

*Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան Օքսֆորտ համալսարանի  դասախօս  է:

(«Նոր Յառաջ» 05.11.2015)