image

Արեւմտեան Թեմ. Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան կարեւոր նոր առաքելութեան մը պատասխանատու նշանակուած է

Արեւմտեան Թեմ. Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան կարեւոր նոր առաքելութեան մը պատասխանատու նշանակուած է

Արեւմտեան թեմը, ղեկավարութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ նախաձեռնած է երկարաժամկէտ նորարարական ծրագիրներու եզակի աշխատանքի մը, եւ այս ծրագիրը իրականացնելու առաքելութիւնը վստահած է յայտնի գիտաշխատող եւ համալսարանի դասախօս դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեանին։

Նշենք, որ այս կարեւոր ծրագրի նպատակն է արագ զարգացող աշխարհին մէջ Արեւմտեան թեմը վերակազմաւորելը, կենսունակ պահելն ու ժամանակակից դարձնելը։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`  

Արեւմտեան թեմը, ղեկավարութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ նախաձեռնած է երկարաժամկէտ նորարարական ծրագիրներու եզակի աշխատանքի մը, որուն նպատակն է արագ զարգացող աշխարհին մէջ թեմը վերակազմաւորել,  կենսունակ պահել եւ ժամանակակից դարձնել: Այս յանդուգն ծրագիրը իրականացնելու առաքելութիւնը վստահուեցաւ յայտնի գիտաշխատող եւ համալսարանի դասախօս դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեանին, որ ընթացիկ տարուան 1 Յուլիսին նշանակուեցաւ նորարարական ծրագիրներու տնօրէն: 

Դոկտ. Չիլինկիրեան ակադեմկան լայն փորձառութիւն ձեռք ձգած եւ դասախօսած է  Մեծն Բրիտանիոյ Օքսֆորտ (2012–2024) եւ Քեմպրիճ համալսարաններուն մէջ (2002–2012): 2021էն սկսեալ հայագիտական նիւթեր կը դասաւանդէ Փարիզի «Ինալքօ» համալսարանին մէջ: Անոր մասնագիտութիւնը կ՛ընդգրկէ հասարակագիտութիւն, սփիւռքագիտութիւն, եկեղեցաբանութիւն, ինքնութեան եւ մշակոյթի հարցեր եւ հիմնախնդիրներ: Ան իր դոկտորական աստիճանը ստացած է Լոնտոնի տնտեսագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան հեղինակաւոր համալսարանէն (London School of Economics), միաժամանակ ունենալով քաղաքական գիտութիւններու, կառավարչութեան եւ աստուածաբանութեան համալսարանական բարձրագոյն վկայականներ:

Դոկտ. Չիլինկիրեան լայն հրապարակումներ կատարած է ինքնութեան, մշակոյթի եւ կրօնի, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու եւ փոքրամասնութիւններու հարցերուն մասին: Անոր աշխատանքը արժանացած է ճանաչման թէ՛ ակադեմական, թէ՛ քաղաքականութիւն ճշդող շրջանակներու մէջ: Ան դասախօսած է միջազգային մակարդակով, իսկ իր մասնագիտական մեկնաբանութիւնները լոյս տեսած են BBC News, The New York Times, Financial Times, Al Jazeera եւ Fox News-ի մէջ: Դոկտ. Չիլինկիրեան եղած է նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորած «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» գիտահետազօտական ծրագիրին տնօրէնը (2019-2024), որուն մասնակցած են 10 երկիրներու 50 համայնքներու մէջ ապրող առաւել քան 12 հազար սփիւռքահայեր:

Դոկտ. Չիլինկիրեան նախապէս վարած է բարեգործական կազմակերպութիւններու գործադիր պաշտօններ եւ ղեկավարած բազմաթիւ քաղաքացիական եւ մասնագիտական նախագիծեր՝ թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ Բրիտանիոյ մէջ:

«Դոկտ. Չիլինկիրեան իր ակադեմական լայն փորձառութեամբ, համայնքային կեանքի մէջ տարիներու իր ղեկավար դերակատարութեամբ ճիշդ անձն է մասնագիտօրէն մեր թեմը առաջնորդելու վերանորոգումի եւ վերափոխումի այս կարեւոր ժամանակաշրջանին», ըսաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:

Անդրադառնալով նորարարական ծրագիրին, սրբազանը շեշտեց, թէ կայ արդիականացման եւ վերակազմակերպումի հրատապ անհրաժեշտութիւնը: «Այս նորարար նախագիծը նոր հանգրուան մըն է Արեւմտեան թեմի յանձնառութեան մէջ` խորացնելու հաւատքը, մշակութային ժառանգութիւնը եւ առաւել արդիւնաւէտ կերպով ծառայելու մեր համայնքներուն: Սա ընտրանքային ձեռնարկ մը չէ, այլ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն անհրաժեշտ պատասխան մը, որ ասիկա կը պահանջէ հաւաքական եւ անհատական լայն շրջանակներու համագործակցութիւնը», յայտնեց առաջնորդ սրբազանը:

Դոկտ. Չիլինկիրեանի նշանակումէն ի վեր, թեմը արդէն իսկ ձեռնարկած է հաստատութենական ինքնագնահատումի գործընթացի մը, որ ռազմավարութեան առաջին մասն է, թէ՛ թեմական եւ թէ ծխական մակարդակներու վրայ։

 

(Քաղուած առաջնորդարանի դիւանին հաղորդագրութենէն)