image

Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը պիտի հաւաքագրէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու վկայութիւնները

Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը պիտի հաւաքագրէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու վկայութիւնները

ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի Եւ Մարզանքի նախարարութեան Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի գիտական ստորաբաժանումներու արդիականացման մրցոյթի ծիրէն ներս ֆինանսաւորում ստացած է «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» (ՀՑԹԻ) հիմնադրամի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ու վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրութեան բաժնի ներկայացուցած յայտը:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտէն յայտնած են, որ իրականացուելիք ծրագիրը, ուղղուած ըլլալով թանգարան-ինստիտուտը արդիական սարքաւորումներով վերազինելուն, թոյլ պիտի տայ.

Ա. Նորովի խթանել բանաւոր պատմութիւններու (Oral History) ենթագիտակարգը:

Բ. Շարունակաբար հաւաքագրել եւ հետազօտել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ սերունդներու բանաւոր պատմութիւնները՝ նախատեսուող համապատասխան շտեմարանի համալրման համար:

Դաշտային, փաստահաւաքչական աշխատանքներու առաւել համակարգուած եւ ճիշդ կազմակերպումը կը պահանջէ այդ բոլոր մեծարժէք տուեալներու որակեալ տեսաձայնագրում, մշակում ու ամբարում:

Գ. Հաւաքագրել եւ հետազօտել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու վկայութիւնները, որոնք կրնան նպաստել ոչ միայն գիտական ուսումնասիրութիւններուն, այլ նաեւ իրաւական գործընթացներուն:

Ծրագiրի իրականացումով ՀՑԹԻ հնարաւորութիւն կը ստանայ, բարձրացնելու կատարուող գիտական հետազօտութիւններու տեսանելիութեան մակարդակը, խթանելու համագործակցութիւնը հայաստանեան եւ արտասահմանեան գիտակրթական կազմակերպութիւններու եւ անհատ հետազօտողներու հետ։ Նախագիծը պիտի նպաստէ նաեւ ՀՑԹԻ կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու իրականացման: