image

Արմէն Գրիգորեան եւ Սամանթա Փաուըր անդրադարձած են ԼՂ-էն տեղահանուածներու խնդիրներուն

Արմէն Գրիգորեան եւ Սամանթա Փաուըր անդրադարձած են ԼՂ-էն տեղահանուածներու խնդիրներուն

Յուլիս 10-ին ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպած է ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կառավարիչ Սամանթա Փաուըրի հետ:

ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ողջունած է Սամանթա Փաուըրի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ ընդգծած, որ գնահատելի է մեր երկրի մէջ գործակալութեան կողմէ իրականացուող ծրագրերու ընթացքը:

Զրուցակիցները քննարկած են Ատրպէյճանի էթնիք զտման քաղաքականութեան հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը, որու ծիրէն ներս Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերն աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն:

Կողմերն անդրադարձ կատարած են ՀՀ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, որու շրջածիրէն ներս քննարկած են ատոր իրականացման հեռանկարները: