image

Ցարդ Ուքրանիայէն հեռացողներու թիւը հատած է 150 հազարը

Ցարդ Ուքրանիայէն  հեռացողներու  թիւը հատած է 150  հազարը

Ցարդ Ուքրանիայէն հեռացած է աւելի քան 150 հազար մարդ, փախստականները հիմնականին կ'երթան Լեհաստան, Հունգարիա, Մոլտովա, Ռումանիա, ըսած է ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար՝ Ֆիլիփօ Կրանտի։

«Աւելի քան 150 հազար ուքրանացի փախստականներ այժմ հատած են հարեւան երկիրներու սահմանը, որոնց կէսը մեկնած է Լեհաստան, իսկ շատերը՝ Հունգարիա, Մոլտովա, Ռումանիա եւ այլ երկիրներ։ Ուքրանիոյ բնակչութեան տեղաշարժը նոյնպէս կ'աճի, բայց ռազմական իրավիճակը կը դժուարացնէ քանակի եւ օգնութեան գնահատումը»,- գրած է Կրանտին Թուիթըրով։