image

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի Երկու Նոր Հատորներու Շնորհահանդէսը

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի Երկու Նոր Հատորներու Շնորհահանդէսը

Պէյրութի մէջ, ուրբաթ 26 փետրուար 2016-ին, կազմակերպութեամբ լիբանանահայ բժշկական միութեան եւ գործակցութեամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթին, տեղի ունեցած է սփիւռքահայ ծանօթ բժիշկ եւ մեր ազգային կեանքին մէջ իր գործօն եւ բեղուն մասնակցութիւնը բերող բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Գ. Խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը» հատորներուն շնորհահանդէսը: Նշենք, որ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի հեղինակութեամբ 2000-ին լոյս ընծայուած էր շարքի առաջին հատորը՝ «Բժիշկին խօսքը» խորագիրով: Իսկ 2011-ին, մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ֆոնտին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի տպարանը լոյս ընծայած էր «Բժիշկին Բ. խօսքը» հատորը: