image

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան Այցելած Է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան Այցելած  Է Հայ Կաթողիկէ  Մեսրոպեան   Վարժարան

29, Փետրուար 2016-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց բժշկական գիրքերու եւ յօդուածաշարերու հեղինակ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանը, որուն նորագոյն գիրքերուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ վերջերս, Պէյրութի մէջ:Բժիշկ Հարպոյեան ընդունուեցաւ վարժարանիս տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին կողմէ, որ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ բժիշկին հանրային-գիտական գործունէութեան մասին: Իր հերթին, բժիշկ Հարպոյեան մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի մէջ տարուող կրթական աշխատանքները, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ աշակերտներու առողջապահական դաստիարկութիւնը:Բժիշկ Հարպոյեան վարժարանին նուիրեց իր հրատարակած նորագոյն հատորները՝ «Բժիշկին Գ. խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը»: Ան նաեւ գիրքերէն օրինակներ յատկացուց բարձր դասարաններու յառաջադէմ աշակերտներուն համար: