image

Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգընտիր առաջնորդին անդրանիկ Սուրբ Պատարագը (Լուսանկարներ)

Բերիոյ Հայոց Թեմի  ազգընտիր առաջնորդին անդրանիկ Սուրբ Պատարագը  (Լուսանկարներ)

Բերիոյ Թեմի նորընտիր  Առաջնորդ՝  Գերշ. Տ. Մակար  եպս. Աշգարեան, օրերս  մատուցած է իր անդրանիկ Սուրբ  եւ Անմահ Պատարագը Հալէպի մէջ։

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ Բերիոյ Թեմի Դիմատետրի  պաշտօնական էջէն։ 

 

 Յիշեցնենք  նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմի   շթղայազերծումէն ասդին    Գերշ. Տ. Մակար  կը հանդիսանայ երրորդ Առաջնորդ Սրբազանը, որ կը ստանձնէ այս  խիստ  պատասխանատու պաշտօնը։

Նորանոր նուաճումներ եւ   արեւափայլ օրեր կը մաղթենք  նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան  հօր եւ մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսենք այդ առթիւ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը

 

 

 

 

Պաշտօնական ընդունելութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութիւնն ու ժողովուրդը իրենց հոգեկան ցնծութիւնը արտայայտեցին դիմաւորելով Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդը։   

Արդարեւ, Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, իր անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին: Ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոս Մեծարգոյ Բաբգէն Պատալեան, ՀՀ Հալէպի Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի Գնդապետ Տիար Արկադի Տօնոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Հրաչ Յակոբեան, Հալէպի եւ շրջաններու Ազգային Երեսփոխաններ, Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Կրօնական Ժողովի անդամներ, եկեղեցիներու Թաղական Խորհուրդներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու մեծաթիւ բազմութիւն։

Պատարագիչ Սրբազան Հայրը թափօրով եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի: Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան։ Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը: Հաւատացեալ ժողովուրդը եկած էր արտայայտելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեմտաւոր արժէքներուն նկատմամբ իր սէրն ու կապուածութիւնը, որոնք առաւել պիտի արմատաւորուին նորընտիր Առաջնորդին գալուստով եւ հայրական օրհնութեամբ: 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին որպէս բնաբան ընտրած էր օրուան աստուածաշնչական հատուածը (Ղկ 14.12-24), ուր Քրիստոս կու գայ առաքեալներուն եւ իր շուրջը գտնուողներուն անգամ մը եւս գիտակցութեան հրաւիրելով ճշմարտութեան բանալու: 

Մակար Սրբազան դիտել տուաւ, որ ինչպէս 2000 տարիներ շարունակ, նոյնպէս այսօր, որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալներ կը հրաւիրուինք անշահախնդիր կերպով մեր ծառայութիւնը մատուցելու մեր նմանին, որպէսզի անոր ճամբով մեր ծառայութիւնը մատուցած ըլլանք Աստուծոյ: Այնպէս ինչպէս Աստուած Ինք աշխարհը ստեղծեց, նաեւ մարդը ստեղծեց եւ անոր փրկութիւնը հետապնդելով երկնքէն երկիր խոնարհեցաւ, ո՛չ թէ հարուստներուն եւ իշխանաւորներուն բարեկամ դարձաւ, այլ 99 ոչխարները ձգելով եկաւ կորսուած ոչխարը փնտռելու: 

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ մենք հրաւիրուած ենք մեր բարեգործութիւնները կատարելու աստուածանման կերպով, սեփական փառք ու պատիւէ հեռու, որպէսզի այն հատուցումը որ պիտի ստանանք՝ ճշմարիտ ըլլայ եւ ո՛չ ժամանակաւոր: «Մեր կեանքի ընթացքին ինչ որ կը կատարենք՝ ծառայութիւն, ուսուցում, աշխատանք, այդ բոլորը պէտք է կատարենք առանց փոխարէնը ակնկալելու, որովհետեւ երբ ամբողջ հոգիով եւ սրտով կը կատարենք բարիքը, մեր արտայայտութեամբ զԱստուած է որ կը մարմնաւորենք», հաստաստեց Սրբազան Հայրը:

Խօսքը ուղղելով ներկաներուն, Սրբազան Հայրը գնահատեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան եւ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի զինուորներուն ծառայութիւնը, ազգային իշխանութեան բոլոր մարմիններուն եւ մեր ազգի բոլոր շերտերուն մէջ ծառայողներուն նուիրուածութիւնը:

Աղօթքի կարեւորութեան անդրադառնալով, Սրբազան Հայրը պատուիրեց, որ արցունքով, հաւատքով եւ յոյսով սրտանց աղօթենք, որպէսզի Աստուած լսէ մեր ձայնը եւ իր երկնառաք բարիքները շնորհէ մեզի: Ան աղօթեց, որ Ամենակալը պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, Արցախը, ծննդավայր Սուրիան եւ մեր ընտանիքները: 

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Հայաստանի եւ Արցախի նահատակներուն, Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն եւ ներկաներու ննջեցեալ հարազատներու հոգիներուն համար։ Ապա, Սրբազան Հայրը թափօրով եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր օրհնութեան խօսք արտասանեց։

Քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ օրհնաբեր ծառայութիւն կը մաղթենք նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր։