«Արեւելք»-Ուրբաթ 2 Հոկտ. 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Երեւանի Ս. Գ. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի հանդիպումը Հայաստան մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայերուն հետ: Մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ճաշու աղօթքներէն ընթերցուեցաւ Ս. Հոգիի աղօթքը, նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ: Ապա Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց հոծ թիւով ներկաներուն: Գերաշնորհ Սրբ. Հայրը իր խօսքի առաջին բաժնին մէջ Պօղոս Առաքեալի Հռովմէացիներու ուղղուած նամակէն "իրար ծառայելու եւ առանց վարձքի ծառայութիւն կատարելու" պատգամը փոխանցեց: "Քրիստոնէութեան օրէնքը կը սորվեցնէ գործել հաւատքով" ըսաւ ան ու խրախուսեց ներկաները բարութեամբ, համբերութեամբ դիմագրաւել դժուարութիւնները եւ մաղթեց Տիրոջ խաղաղութիւնը:Սրբազան Հօր խօսքի երկրորդ բաժինը զեկուցական էր, 15 օրերու ընթացքին Հայաստանի մէջ ունեցած ձեռքբերումներուն մասին.-
1.- Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ
2.- Միւռոնի օրհնութիւն
Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն ու պատերազմական թէժ իրավիճակին, սուրիահայերը իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ մասնակից դարձած են հարիւամեակի ձեռնարկներուն, անոնց ներդրումը յատկապէս "արեան ներդրում է", յայտնեց ան ակնարկելով պատերազմի զոհ դարձած նահատակներուն: "Մենք մահուան ու յարութեան հաւատացող ժողովուրդ ենք" շեշտեց Սրբազան Հայրը:
Միւռոնօրհնէքի մասին զեկուցելով Սրբազանը բացատրեց, թէ Յուլիս 18-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կողմէ Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցած միւռոնօրհնէքին օրհնուած Ս. Միւռոնը միացած է Էջմիածնի մէջ օրհնուած Ս. Միւռոնին եւ բացատրելով թէ միւռոնը Ս. Հոգիի ներգործութիւնն է:
"Հաւատալը դժուարութիւններ դիմակալելու մղիչ ուժն է" պատգամեց Սրբազանը:
"Հայրենիքը իր դժուարութիւնները ունի, սակայն մենք որպէս աւանդապահ ժողովուրդ պէտք է ամուր կանգնինք այս հողին վրայ: Վա՜յ այն ազգին որ հոգւով կ'աղքատանայ: Մենք ցնցոտիներով հասանք Սուրիայ սակայն կրցանք լաւ դիրքերու հասնիլ, եթէ այդ մէկը օտար երկրի մէջ ըրած ենք, հայրենիքի մէջ ալ կրնանք ընել: Մենք սորված ենք Սուրիոյ մէջ մեր ուժերուն վստահիլ" քաջալերեց ան հաւատացեալ ժողովուրդը:
Յայտնեց թէ Հայաստանի մէջ ունեցած է հանդիպումներ պետական, քաղաքական, ընկերային անձնաւորութիւններու, շրջանակներու հետ, քննարկած են սուրիահայերուն իրավիճակը եւ տեղեկացուց թէ սուրիահայ խմբաւորում յառաջացուած է, տարածք պիտի յատկացուի սուրիահայ արհեստաւորներուն որպէսզի աշխատելու հնարաւորութիւն ունենան:
"Ճակտի քրտինքով շահուած հացը Աստուծոյ օրհնութիւնն է" մատնանշեց ան ու թելադրեց ներդրում կատարել հայրենի հողին վրայ, գիտակցութիւն ունենալ մեր արմատներուն մօտ ըլլալու եւ յոյս ներշնչել, նայիլ դրական կողմին:
Սրբազան Հայրը քաջալերական ու յուսադրիչ իր այս խօսքը աւարտեց Տէրունական աղօթքով ու պահպանիչով: