Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ 9 մայիսին կայացած է «Ո՛Չ Արցախի ցեղային զտման» պահանջագիրի եւ ստորագրահաւաքի նախաձեռնող խումբի կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքը։
Ելոյթ ունեցողները շեշտած են, որ հանրահաւաքն առաջին հերթին հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ կամքի ցուցադրութիւն է եւ այդ հրապարակէն արցախցին ի լուր աշխարհի կը յայտնէ, որ ինքը պիտի որոշէ, թէ ինչպէս ապրի, ուր եւ որու հետ:
Կոչ յղուած է ՀՀ քաղաքացիներուն՝ թոյլ չտալու ՀՀ գործող իշխանութիւններուն Արցախի անունով ստորագրել որեւէ փաստաթուղթ, ուր վտանգուած ըլլայ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, իսկ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմը յորդորած են անվերապահօրէն կատարել իր պարտականութիւնները, տէր կանգնիլ նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն:
Դիմելով Արցախի իշխանութիւններուն՝ յորդորած են ճիշդ գիտակցիլ իրենց պարտաւորութիւնները ժողովուրդին առաջ եւ չտրուիլ արտաքին տարբեր ազդեցութիւններուն, տեղի չտալ Ատրպէյճանի ճնշումներուն եւ առաջնորդուիլ միայն Արցախի ժողովուրդի կամքով:
![]()



