ԱՀԱԸ-ի Երեւանեան կեդրոնի պաշտօնական կայքէն կը կարդանք՝
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը Ֆրանսայի «Յոյս Հայաստանի համար» բարեգործական կազմակերպութեան հետ համատեղ ունի բարեգործական ճաշարան Ստեփանաւանի մէջ, այն կը գործէ աւելի քան 25 տարի:
Սակայն այս տարին կ'առանձնանայ անով, որ ԱՀԱԸ Հայաստանի մասնաճիւղի Ստեփանաւանի գրասենեակն ունի նոր, աւելի լուսաւոր, հարմարաւէտ շէնք, ուր կը շարունակէ եւ կ'ընդարձակէ իր ծրագրերը:
Բարեգործական ճաշարանը կը շարունակէ գործունեութիւնն արդէն նոր շէնքի մէջ, կը գործէ շաբթուայ մէջ 5 օր՝ փորձելով օգտակար ըլլալ Ստեփանաւան քաղաքի մեծահասակներուն՝ թեթեւցնելով անոնց հոգը:
Ծրագրէն օգտուողներու համար սա եւս մէկ առիթ է հաղորդակցուելու իրար հետ, մտերմիկ ժամանակ անցնելու եւ օրը աւելի դրական լիցքերով լեցնելու համար: