image
Հրատապ լուրեր:

Բանակցութիւններու խնդրով Ուքրանիոյ կողմէ անյստակ կեցուածք. Փեսքովէն շեշտադրումներ

Բանակցութիւններու խնդրով  Ուքրանիոյ կողմէ անյստակ կեցուածք. Փեսքովէն շեշտադրումներ

Ուքրանական կողմը, ի պատասխան Մինսքի մէջ բանակցութիւններ անցընելու գաղափարին, առաջարկած է փոխարէնը ընտրել Վարշաւան, այնուհետեւ անհետացած է, յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Փոքր դադարէ յետոյ ուքրանացիները յայտարարած են, որ կը վերանային բանակցութիւնները անցընելու միտքը Միսնքի մէջ, եւ որ այժմ անոնք կը փափաքին մեկնիլ Վարշաւա, որմէ յետոյ առհասարակ կապ չեն հաստատած, դադար վերցուցած են», յայտնած է Քրեմլի ներկայացուցիչը:

Քրեմլը կը համարէ, որ չափազանց վտանգաւոր է, երբ ազգայնականները կը տեղակայեն համազարկային կրակի համակարգը Ուքրանիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ, յայտնած է Փեսքով:

Ան նաեւ ըսած է, որ «Քիեւի կողմէ բանակցութիւններու շուրջ մտորումները կ'ուղեկցուին բնակելի թաղամասերու, այդ շարքին` Քիեւի մէջ համազարկային կրակի տեղակայմամբ»:

Տմիթրի Փեսքովի խօսքով` Ռուսաստանը հասկցուած է Ուքրանիային բանակցութիւններ կազմակերպելու իր համաձայնութեան մասին:

«Մենք փոխանցած ենք ուքրանացիներուն, որ պատրաստ ենք բանակցութիւններ կազմակերպելու Մինսքի մէջ: Փութինը անմիջապէս զանգահարած է նախագահ Լուքաշենքոյին ու պայմանաւորուած է, որ պելառուսական կողմն ու նախագահը ընեն ամէն ինչ լաւագոյնս կազմակերպելու եւ ժամանող պատուիրակութիւններուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար, ինչը ներկայիս շատ կարեւոր է: Ռուսական կողմը անմիջապէս նախագահին յանձնարարականով ձեւաւորած է պատուիրակութիւն, որուն մէջ ընդգրկուած են Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն եւ նախագահի վարչակազմին ներկայացուցիչները: Այդ տեղեկատուութիւնը ներկայացուած է ուքրանացիներուն», ըսած է Փեսքով: