image

Բացուեցաւ Գիւմրիի Շիրազի անուան փողոցը

Բացուեցաւ Գիւմրիի Շիրազի անուան փողոցը

Գիւմրիի մէջ «Քաղաքի օր»  տօնակատարութեան շրջագիծին մէջ 25 օգոստոսին շահագործման յանձնուած է Շիրազի փողոցը:

Խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը կտրելու պատիւը վերապահուած էր մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի թոռներուն։ Միջոցառման մասնակած նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կնոջ` Աննա Յակոբեանի, դուստրերու հետ, ներկայ եղած են բանաստեղծի որդին եւ դուստրը, բազմաթիւ հիւրեր, գիւմրեցիներ։

700 մեթր երկարութիւն ունեցող փողոցին մէջ կատարուած են փողոցի երթեւեկելի մասի եւ մայթերու հիմնանորոգման աշխատանքներ: Տեղադրուած է ասֆալթի ծածկոյթի 2 շերտ՝ 6 սանթիմեթր հաստութեան ներքին շերտ եւ 4 սանթիմեթր հաստութեան վերին շերտ: Անձրեւաջրատար կոյուղացանցի մէկ մասը նոր կառուցուած է, իսկ մէկ մասը վերականգնուած է: Հոսանքալարերը վերգետնեայից տեղափոխուած են ստորգետեայ, հին յենասիւները փոխարինուած են նորերով։