image

Կարեւոր մանրամասնութիւններ եռակողմ հանդիպման աւարտին կնքուելիք համաձայնութիւններէն. Factor TV

Կարեւոր մանրամասնութիւններ եռակողմ հանդիպման աւարտին կնքուելիք համաձայնութիւններէն.  Factor TV

Factor TV-ի տեղեկութիւններով՝ ուրբաթ օր կայանալիք Տանըլտ Թրամփ – Նիկոլ Փաշինեան – Իլհամ Ալիեւ հանդիպման ժամանակ պիտի ստորագրուի 3 փաստաթուղթ։

Աղբիւրը բացառիկ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է ստորագրուելիք փաստաթուղթերու մասին։

Համաձայն աղբիւրներու՝ առաջին փաստաթուղթը պիտի ստորագրեն արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանը եւ Ճէյհուն Պայրամովը, որով Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը համաձայնութիւն պիտի յայտնեն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբէն համատեղ դուրս գալու մասին։

Յիշեցնենք, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ստեղծուած էր ղարաբաղեան խնդիրը լուծելու նպատակով՝ ԵԱՀԽ-ի անդամ երկիրներու համաժողովի որոշմամբ։ Թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ատրպէյճանը համաձայնած էին մասնակցիլ Մինսքի գործընթացին՝ որպէս կողմեր, եւ ոչ թէ որպէս նախաձեռնողներ։ Ուրբաթ օր ստորագրուելիք փաստաթուղթով երկու երկիրները, ըստ էութեան, պիտի արձանագրեն այդ ձեւաչափի գործողութեան աւարտը։

Երկրորդ փաստաթուղթը պիտի ստորագրեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, որ պիտի ըլլայ «Թրամփի երթուղի՝ ուղի միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար» ծրագրի շուրջ, որ հակիրճ կ՚անուանուի TRIPP յապաւումով։

Փաստաթուղթին մէջ պիտի չկիրառուի «միջանցք» բառը, փոխարէնը պիտի օգտագործուի «ճանապարհ» եզրոյթը։ Երկրորդ փաստաթուղթով Հայաստանը եւ ԱՄՆ-ն պիտի պայմանաւորուին ստեղծել «ՀՀ-ԱՄՆ համատեղ ձեռնարկութիւն»՝ իբրեւ իրաւահաւասար գործընկերներ։ Եթէ նախապէս խօսք եղած է ԱՄՆ-ի կողմէ Սիւնիքի ճանապարհի հնարաւոր վարձակալութեան մասին, ապա այդ տարբերակը դուրս եկած է քննարկումներէն, եւ հայ-ամերիկեան փաստաթուղթը կը նախատեսէ ամբողջութեամբ ուրիշ կարգաւորումներ։ Պիտի պահպանուին Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը ճանապարհի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ անձեռնմխելի պիտի մնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։

Հայաստանն ու ԱՄՆ-ն պիտի ստեղծեն համատեղ ձեռնարկութիւն, որ պիտի գրանցուի Հայաստանի մէջ եւ պիտի հիմնադրուի համաձայն Հայաստանի օրէնսդրութեան, պիտի գործէ հայկական օրէնսդրութեան շրջածիրէն ներս։ Ըստ էութեան՝ ԱՄՆ-ն ֆինանսական ներդրումներ պիտի կատարէ Հայաստանի ենթակառուցուածքներու ստեղծման հարցով։ Հայաստանը եւ ԱՄՆ-ն համատեղ պիտի կառավարեն այդ համընկերութիւնը։ ԱՄՆ-ն՝ որպէս հայ-ամերիկեան համընկերութեան մասնակից կողմ՝ իրաւունք պիտի ունենայ համընկերութեան ենթակառուցուածքներու ստեղծման աշխատանքները պատուիրակել շինարարական կազմակերպութիւններու։ Այդ աշխատանքներուն պիտի կարենան մասնակցել ինչպէս ամերիկեան, այնպէս ալ հայաստանեան ընկերութիւններ։

Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ խօսքը երկաթուղային, ինքնաշարժային ենթակառուցուածքներու ստեղծման մասին է։ Ֆինանսական ներդրումները պիտի կատարէ ԱՄՆ-ն։ Այսինքն, ԱՄՆ-ն հանդէս պիտի գայ որպէս գործընթացի մասնակից եւ ոչ՝ միանձնեայ սեփականատէր, եւ ֆինանսական մեծ ներդրումներ պիտի կատարէ հաղորդակցային ենթակառուցուածքներու ստեղծման նպատակով։ Ենթակառուցուածքները ոչ թէ միանձնեայ պիտի ստեղծէ եւ կառավարէ ԱՄՆ-ն՝ ինչպէս կ՚ենթադրուէր նախապէս, այլ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի ստեղծած համընկերութիւնը ձեռնարկուելիք շինաշխատանքները պիտի պատուիրակէ շինարարական կազմակերպութիւններու (հայկական եւ ամերիկեան)։ Աշխատանքները եւս պիտի իրականացուին համաձայն Հայաստանի օրէնսդրութեան։

Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ ստեղծուելիք համընկերութիւնը, որ պիտի կառավարուի երկու երկիրներու կողմէ հաւասարութեան սկզբունքով, իրաւունք պիտի ունենայ ենթակառուցուածքներ կառուցելու։ Այդ չենթադրեր տարածքի նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքներու օտարում Հայաստան պետութեան կողմէ ԱՄՆ-ին։ Փոխարէնը հայ-ամերիկեան ձեռնարկատիրական-համընկերութիւնը իրաւունք պիտի ունենայ այդ նպատակով տարածք վարձակալելու եւ շինաշխատանքներ իրականացնելու։ Այդ կը նշանակէ, որ Հայաստանի պետական կառոյցները պիտի ունենան հասանելիութիւն կառուցուելիք ենթակառուցուածքներու նկատմամբ, աւելին՝ այդ ենթակառուցուածքները պիտի ստեղծուին եւ պիտի կառավարուին հայ-ամերիկեան համատեղ համընկրութեան կողմէ։

ԱՄՆ-ն այս ենթակառուցուածքներու վրայ պիտի չտեղակայէ զօրքեր կամ ուժայիններ, սակայն ԱՄՆ-ն պատասխանատւութիւն պիտի կրէ, որ ճանապարհը ապահով ըլլայ առեւտրային տեղաշարժերու համար։ Ենթադրաբար՝ ՀՀ-ԱՄՆ համընկերութիւնը պիտի յանձնարարէ կազմակերպութեան՝ տեխնիկական միջոցներով ճանապարհը կառավարել։ Հայաստանի պետական կառոյցները իրաւունք պիտի ունենան այս տարածքին մէջ որեւէ աշխատանք կատարելու, քանի որ ճանապարհը պիտի շարունակէ գտնուիլ ՀՀ ինքնիշխան տարածքի մէջ։ Օրինակ, եթէ ճանապարհի վրայ յանցագործութիւն տեղի ունենայ, Հայաստանի պետական կառոյցները մուտք պիտի ունենան ճանապարհի վրայ եւ համապատասխան իրաւական գործառոյթներ պիտի կատարեն, ինչպէս ՀՀ-ի այլ տարածքներու մէջ։ Հայաստանի օրէնքներն ամբողջութեամբ պիտի տարածուին ճանապարհի վրայ, եւ որեւէ պարագայի՝ ՀՀ օրէնսդրութիւնը չի կրնար շրջանցուիլ։ Համընկերութեան աշխատանքի մանրամասնութիւնները պիտի շարադրուին Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ կնքուելիք պայմանագրով։

Ստորագրուելիք երրորդ փաստաթուղթը պիտի չըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Խաղաղութեան բուն համաձայնագիրը։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի ստորագրեն շրջանակային համաձայնագիր, որով պիտի արձանագրուին, որ երկու երկիրները պիտի շարունակեն աշխատանքներ տանիլ խաղաղութեան հասնելու նպատակով։ Երրորդ փաստաթուղթով Ատրպէյճանն ու Հայաստանը պարտաւորութիւն պիտի ստանձնեն, որ ստորագրումէն ետք որեւէ կողմ պիտի չկարենայ հրաժարիլ արդէն իսկ համաձայնեցուած Խաղաղութեան համաձայնագրի 17 յօդուածներէն։ Ատոնք պիտի համարուին վերջնականապէս համաձայնեցուած եւ հետագային փոփոխութեան կամ հրաժարման ենթակայ պիտի չըլլան։