Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան երկու շաբաթէն պիտի այցելէ Հայաստան։ Այս մասին լրագրողներուն հաղորդած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաքչի։
«Մասուտ Փեզեշքիան կը նախատեսէ երկու շաբաթէն այցելել Հայաստան, ինչպէս նաեւ՝ Չինաստան», – ըսած է Արաքչի։
Անոր համաձայն՝ նախագահի այցելութիւնը Չինաստան պիտի կատարուի իրանական Շահրիվար ամսուն, մասնակցելու համար Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովին։
Իրանի նախագահի Հայաստան այցելութեան մասին յայտնած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ դեռ Յունիսին, սակայն առանց ժամկէտ նշելու։
Նշենք, որ Մասուտ Փեզեշքիանը, իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, այս տարի արդէն երկու անգամ այցելած է Ատրպէյճան՝ Ապրիլին եւ Յուլիսին։