Գիւմրիի մէջ «Քաղաքի օր» տօնակատարութեան շրջագիծին մէջ 25 օգոստոսին շահագործման յանձնուած է Շիրազի փողոցը:
700 մեթր երկարութիւն ունեցող փողոցին մէջ կատարուած են փողոցի երթեւեկելի մասի եւ մայթերու հիմնանորոգման աշխատանքներ: Տեղադրուած է ասֆալթի ծածկոյթի 2 շերտ՝ 6 սանթիմեթր հաստութեան ներքին շերտ եւ 4 սանթիմեթր հաստութեան վերին շերտ: Անձրեւաջրատար կոյուղացանցի մէկ մասը նոր կառուցուած է, իսկ մէկ մասը վերականգնուած է: Հոսանքալարերը վերգետնեայից տեղափոխուած են ստորգետեայ, հին յենասիւները փոխարինուած են նորերով։