Թայլանտի եւ Քամպոտիայի ներկայացուցիչները, Քուալա Լումփուր քաղաքին մէջ կայացած բանակցութիւններէն ետք, համաձայնութեան հասած են սահմանային լարուածութեան կարգաւորման վերաբերեալ։
«Թայլանտի եւ Քամպոտիայի միջեւ սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու յանձնաժողովի նիստը աւարտած է։ Երկու կողմերը համաձայնած են տասներեք կէտերէ բաղկացած համաձայնագրի շուրջ՝ հրադադարը պահպանելու նպատակով։
Երկու երկիրներու ներկայացուցիչները ստորագրած են արձանագրութիւններ, որոնց նպատակը սահմանային գօտիին մէջ լարուածութեան մեղմումն ու խաղաղութեան վերականգնումն է», — նշուած է Թայլանտի կառավարութեան հինգշաբթի օրուան յայտարարութեան մէջ։