Յուլիս 18-ին Երեւանի կեդրոնին մէջ՝ «Կինոմոսկուա»-ի դիմաց, բացուեցաւ աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի արձանը։
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանն իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ ամրան տապին ալ հրապարակը մարդաշատ է, եւ այդ ամենաբարձր վկայութիւնն է Ազնաւուրի արուեստի հանդէպ սիրոյ եւ գնահատանքի։
«Կարծում եմ՝ առաջին հերթին սէրն է, որ մարդկանց բերել է այս հրապարակ։ Սէրն է, որով կարելի է բնութագրել Ազնաւուրի ամբողջ կեանքը եւ արուեստը։ Այդ սէրը լցուած է երաժշտութեան մէջ, լցուած է տողերի մէջ»,- նշած է նախարարը։
Արձանը տեղադրուած է Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին մէջ, որ, ըստ նախարարի՝ իր բովանդակութեամբ եւ նշանակութեամբ կը հանդիսանայ մշակութային հանգոյց․
«Այս հրապարակը մշակութային տարածք է՝ կինոյի, թատրոնի, կերպարուեստի համար, եւ շատ ներդաշնակ ու տրամաբանական է, որ այստեղ է կանգնեցւում Ազնաւուրի արձանը»։
Արձանը բացած են Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը, շանսոնիէի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրը եւ թոռը:
«Լա Պոհեմ» քանդակի հեղինակը Դաւիթ Մինասեանն է։