image

Ազրպէյճանցիները բարբարոսաբար գլխատած են 31-ամեայ գնդապետ Հայկ Թորոյեանը

Ազրպէյճանցիները բարբարոսաբար գլխատած են 31-ամեայ գնդապետ Հայկ Թորոյեանը

Լեռնային Ղարաբաղի գլխաւոր դատախազութիւնը 3 առանձին քրէական գործեր յարուցած է 19-ամեայ եզիտի զինուոր Քեարամ Սլոյեանի, վարորդ Հրանդ Ղարիբեանի եւ 31-ամեայ գնդապետ Հայկ Թորոյեանի գլխատման փաստերով: Փորձաքննութիւններու արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Քեարամ Սլոյեանն ու Հրանդ Ղարիբեանը գլխատուած են յետ մահու, մինչդեռ 31-ամեայ գնդապետ Հայկ Թորոյեանը ազրպէյճանցի բարբարոսները գլխատած են անոր կենդանութեան ժամանակ: Բացի գլխատումներէն, ազրպէյճանական կողմը նաեւ խոշտանգած է ապրիլեան պատերազմի ժամանակ զոհուած շուրջ 2 տասնեակ հայ զինծառայողներու մարմինները: Լեռնային Ղարաբաղի դատախազութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 15 հայ զինծառայողներու ականջները կտրուած են, քանի մը զինուորներու մատները կտրուած են, ուրիշներու աչքերը հանուած են: Քրէական գործեր  յարուցուած են 19 զինծառայողներու մարմիններու խոշտանգումներու փաստերով:Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած է, որ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է արձագանգել զինուորներուն կենդանութեան ժամանակ գլխատելու եւ խոշտանգման փաստերուն: Լեռնային Ղարաբաղի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան, որ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախմբի հրաւէրով կը գտնուի Պելճիքա, ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ այդ երկրի մարդկային իրաւունքի պաշտպաններու հետ: Մելիքեան, «Ազատութեան» թղթակիցին յայտնեց, որ այդ բոլոր սահմռկեցուցիչ փաստերը ներկայացուցած են իր գործընկերներուն: «Իր բնոյթով սահմռկեցուցիչ եւ, մեղմ ասած, շատ մտահոգիչ երեւոյթ է: Ես ներկայումս գտնւում եմ Բելգիայում եւ արդէն իսկ իմ գործընկերներին ներկայացրել եմ այդ փաստերը: Առաջին հերթին, ինչ մենք կարող ենք անել, դա բարձրաձայնելն է: Եւ կան այլ քայլեր, որոնք էս ուղղութեամբ կարող են արուել, դրանց մասին խօսել այժմ նպատակայարմար չէ», յայտնեց Մելիքեան: