Օրերս Հալէպ ժամանած Սուրիոյ մէջ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի նորանշանակ պատասխանատու փոխգնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան, նախկին պատասխանատու՝ գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի հետ այցելած են Ազգ. Առաջնորդարան։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգ. Առաջնորդարան պաշտօնական այցելութիւն տուին ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչներ գնդապետ Արկադի Տօնոյեան, նորանշանակ փոխգնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան եւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, որոնք ջերմապէս դիմաւորուեցան Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեանի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներու կողմէ:
Այցելուները Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, այնուհետեւ, անոնք մտերմիկ հանդիպում ունեցան եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Աշգարեանի եւ ազգային իշխանութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց նորանշանակ փոխգնդապետին։ Ան անդրադարձաւ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբին կատարած ականազերծման եւ բժշկական երախտարժան ծառայութեան՝ սուրիական հայրենիքին եւ սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ:
Գնդապետ Արկադի Տօնոյեան խօսք առնելով ծանօթացուց ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի նորանշանակ պատասխանատու փոխգնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեանը, որ ամբողջական նուիրումով պատրաստ է ստանձնելու այս պատասխանատու գործը:
Փոխգնդապետ Խանուէլեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Հալէպ ժամանելուն առիթով եւ որպէս ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի նորանշանակ ղեկավար, բոլորանուէր ծառայութեամբ եւ համագործակցութեամբ մարդասիրական առաքելութիւնը յառաջ տանելու պատրաստակամութիւն յայտնեց։