Քուէյթահայ ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ ընթացք առած է պարգեւատրում մը, որուն շնորհիւ նիւթական պարգեւ պիտի ստանայ կրթական տարեշրջանին լաւագոյն արդիւնք արձանագրած հայ ուսանողը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քուէյթի իր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, որ օրերս տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան ընթացքի տարուան մրցանակ-պարգեւը յանձնուած է Քուէյթահայ համայնքի փայլուն ոսանողներէն ՝Սէրլի Թովմասեանին:
Նշենք, որ մրցանակի տուուչութիւնը կատարուած է Բարերար Գույումճեանի երդիքին տակ ի ներկայութիւն պարգեւատրեալ ուսանողի ծնողներուն եւ Քույէթի մօտ ՀՀ դեսպան Մանուէլ Բադէյեանի եւ իր տիկնոջ ՝ Լիլիթ Գալստեանի:
Յայտնենք, որ ամէնամեայ այս մրցանակին շնորհիւ բարերարը նպատակ ունի նիւթական երեւելի աջակցութիւն ցուցաբերելով ամրապնդել կրթութեան եւ ուսումի հանդէպ հետաքրքրութիւնը առիթ տալով ուսանողներուն իրենց ճիգերուն շնորհիւ տիրանալ ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ նիւթական նեցուկի:
Մեր տեղեկութիւններով բարերար Գույումճեան այս նախաձեռնութեան դիմած է մրցակցութեան հասկացողութիւնը տարածելու եւ գերազանցութեան ձգտելու փափաքը ամրապնդելու նպատակով:
Երբ ամբողջ սփիւռքը կը խօսի հայութեան համար վտանգաւոր համարուած երեւոյթներուն մասին, արմատներով Հալէպցի Քուէյթահայ բարերարը այս ձեւը ընտրած է պայքարելու համար օտարցաման եւ ձուլման երեւոյթներուն դէմ:
Ու բնաւ ալ զարմանալի չէ, որ Քուէյթի պետական պաքալորիա քննութեանց բարձր միաւորներ եւ առաջնային դիրք գրաւող ուսանողները այս պարագային յատկապէս Սէրլի Թովմասեանը նոյնպէս բարձր արդիւնքներ գրանցած ըլլան հայագիտական առարկաներուն մէջ: