image

Աւարտին հասաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը

Աւարտին հասաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը


  Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմի  բոլոր եկեղեցիներու Ազգային Երեսփոխաններն ու Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները մասնակցեցան Ազգային Երեսփոխանական ժողովին ուր  թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յղած օրհնագիրը։ Ժողովը յառաջիկայ տարուայ գործունէութիւննեու առաջնահերթութիւննեերը ճշդեց եւ ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ լրացուցիչ ընտրութիւններ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան։

Եղելութեան մասին կը կարդանք՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը գումարուեցաւ 2-3 Մայիս 2025-ին, Լաւալի մէջ, հիւրընկալութեամբ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Ժողովին կը մասնակցէին Թեմիս բոլոր եկեղեցիներու Ազգային Երեսփոխաններն ու Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ժողովի բացումը աղօթքով կատարելէ ետք, ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յղած օրհնագիրը։

Ժողովը օրակարգերու ընդմէջէն, յառաջիկայ տարուան գործունէութեան համար որդեգրեց հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.-

​Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի Կաթողիկոս ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին նուիրուած հանդիսութեանց կազմակերպումը Գանատայի համայնքներէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը Գանատա պիտի այցելէ 16-22 Հոկտեմբեր 2025-ին։

Նկատի ունենալով գանատահայ մատղաշ սերունդի հոգեւոր կարիքները՝ շարունակել քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրները, յատկապէս Կիրակնօրեայ Դպրոցներուն տրամադրելով նոր պատրաստուած դասագիրքերը:

Շարունակել երիտասարդութեան համար նկատի առնուած աստուածաբանական ուղղափառ դասընթացքները, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն գտած են երիտասարդներուն մէջ։

Սարկաւագներու եւ դպիրներու համար կազմակերպել յատուկ դասընթացքներ եւ աշխատանոցներ, պատրաստելու զանոնք հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ծառայութեան համար։

Ժողովս յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի այսօրուան տագնապին, տիրող ճգնաժամին եւ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Արցախի հայութեան կարիքներուն։

Ժողովս մեծապէս գնահատեց Tyndale Համալսարանի հետ համագործակցութիւնը եւ հայ եկեղեցւոյ ու աստուածաբանութեան մասին պատրաստուած ծրագիրը։

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ լրացուցիչ ընտրութիւններ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան։