Հակառակ տարաբնոյթ դժուարութիւններու Քուէյթահայ Ազգային Բարերար՝ Կիրակոս Գույումճեան կը շարունակէ իր յանձնառութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» մրցանակին, որ հիմնադրուած է բարերարին կողմէ եւ դարձած է ամենամեայ առիթ գնահատելու համար մասնաւորապէս հայկական առարկաներու մէջ առաջնութեան դիրք գրաւած աշակերտերու ջանասիրութիւնը։
Նշենք, որ այս մրցանակը Քուէյթի կողքին կը տրուի նաեւ Հալէպի մէջ, որ ծննդավայրն է Կիրակոս Գույումճեանի։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ Քուէյթի Ազգային Վարժարանին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 28 Յունիս 2023ին, Ս․ Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի» սրահէն ներս, գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը նշուեցաւ Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակը։
Հանդիսութեան ներկայ էին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը, Տէր եւ Տիկին ԱՍՊԵՏ Կիրակոս Գույումճեանը, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Ք.Ա.Վ.-ի Տնօրէնը ու Հոգաբարձութեան ներկակացուցիչները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ։
Երեկոյի հանդիսավար Վարժարանի Փոխ Տնօրէն՝ Պրն․ Կարօ Արսլանեան, բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ուր նշեց թէ Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի յոբելենական այս հանդիսութիւնը պատեհ առիթը նկատելով, այսօր նաեւ տեղի պիտի ունենայ «Ս․ Ներսէս Շնորհալի»ի ամէնամեայ մրցանակի տուչութիւնը, Քուէյթահայ գործարար, հասարակական գործիչ եւ բարերար՝ ԱՍՊԵՏ Տիար Կիրակոս Գույումճեանի ձեռամբ։
Ապա սկիզբ առաւ օրուան յայտագիրը, ուր վարժարանէս խումբ մը կրտսեր աշակերտներ, իրենց մատղաշ ձայնով մեկնաբանեցին «Առաւօտ լուսոյ» շարականէն բաժիններ, ապա արտասանեցին «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքէն հատուածներ:
Կոմիտասի «Գարուն ա» երաժշտական կտորը դաշնամուրով հրամցուեցաւ տիկ. Հայկուհի Կիրակոսեան Բազեանի գեղեցիկ կատարումով:
Իսկոյն, օրուան բանախօս, վարժարանիս պատմութեան ուսուցիչ Պրն. Յովհաննէս Սերոբեան, հանգամանօրէն ներկայացուց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Կեանքն ու գործունէութիւնը:
Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայրապետի անուրանալի դերակատարութիւնը հայ եկեղեցւոյ շարականագիտութեան եւ ծիսակատարութեանց մէջ։ Ապա ան անդրադարձաւ Շնորհալի Հայրապետին, որպէս մշակոյթի գործիչ ու իմաստուն հայրապետ, որու համբաւը տարածուեցաւ օտար ազգերու մօտ եւս։
Ապա «Նորահրաշ» եւ «Նայեաց Սիրով» հրաշալի շարականները տպաւորիչ կերպով հնչեցին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի խումբ մը դպիրներու կողմէ։
Այնուհետեւ ներկաները վայելեցին «Ծաղկաց Բալենի» երաժշտական կտորը, որ ջութակով ներկայացուց, տարուան առաջնակարգ մրցանակակիր՝ Փաթիլ Պօղոսեանը:
Վարժարանիս Տնօրէն՝ Տոքթ․ Ներսէս Սարգիսեան ներկայ արաբ ուսուցիչներուն ի պատիւ, արաբերէն լեզուով ներկայացուց մրցանակի անունը կրող Ս․ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի կենսագրական գիծերն ու ծաւալած հսկայ աշխատանքը։
Տոքթ․ Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակի համահիմնադիր ԱՍՊԵՏ՝ Կիակոս Գույումճեանին, որ տասնամեակէ մը ի վեր հաւատարիմ իր խոստումին, կը կազմակերպէ սոյն մրցանակը, որ կը միտի աշխատասիրութիւնը եւ մրցակցութեան ոգին վառ պահել մեր աշակերտութեան մօտ։
Պրն․ Տնօրէնը խրախուսական իր խօսքը փոխանցեց առաջնակարգ մրցանակակիր Փաթիլ Պօղոսեանին, մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ։
ԱՍՊԵՏ՝ Կիրակոս Գույումճեան նախքան պարգեւատրման արարողութիւնը իր սրտի խօսքը փոխանցեց մրցանակակիր Փաթիլին, մաղթելով յարատեւ վերելք եւ նորանոր նուաճումներ ուսման բնագաւառէն ներս։
Իսկոյն, բարերարի ձեռամբ, 2022-2023 տարեշրջանի «Ս. Ներսէս Շնորհալի»ի ամէնամեայ մրցանակը յանձնուեցաւ Պաքալորիայի պետական քննութեանց 99.93 % գնահատականով, առաջին դիրք գրաւած ուսանող՝ ՓԱԹԻԼ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻՆ, Պրն Կիրակոս խօսքը ուղղելով Փաթիլին՝ ըսաւ, «Վստահ եղիր,որ պիտի հասնիս նպատակիդ, շարունակէ աշխատանքի թափդ եւ կորովդ ու զարգացուր մրցակցութեան ոգիդ, շարունակէ ժրաջան աշխատանքդ որպէսզի տիրանաս աւելի բարձր վկայականներուն եւ արդիւնաւորելով ուսումդ, տիրանաս փառքի»։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Գերպ․ Հայր Սուրբի հայրական օրհնութեամբ ու պատգամով։ Ան գոհունակութեամբ բարձրաձայնեց ըսելով, որ Քուէյթահայ համայնքը այսուհետեւ անմիջական առնչութիւն պիտի ունենայ Շնորհալի Հայրապետին հետ, իր ժողովրդային տան սրահը Ս․ Ներսէս Շնորհալի օծելով եւ համայնքին տալով Շնորհալի աշակերտներ։
Աւարտին, Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Բարերար ԱՍՊԵՏ Կիրակոս Գույումճեանին իր կատարած ազգանուէր ծառայութեանց համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց մրցանակակիր Փաթիլը, անոր ընտանեկան պարագաները, ՔԱՎարժաանի անձնակազմն ու Քուէյթահայ համայնքը։