image

«Ազդակ»էն ակնարկ՝ Նոպելեան մրցանակը եւ սփիւռքի գիտական ներուժը չշրջանցելու հրամայականը

«Ազդակ»էն ակնարկ՝ Նոպելեան մրցանակը եւ սփիւռքի գիտական ներուժը չշրջանցելու հրամայականը

Միջազգային լրահոսը հեղեղուած է բնախօսութեան եւ բժշկագիտութեան ոլորտին վերաբերող Նոպելեան մրցանակի լուրով: Հայկական լրատուադաշտը բոլոր լեզուներով կը հրապարակէ լուրը` կեդրոնանալով նախկին լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեանին վրայ, որ մրցանակի 120-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով արձանագրեց հայկական անուն մը:

Երեւոյթը հպարտառիթ է անշուշտ, ո՛չ միայն գիտական նուաճումի բարձրագոյն եւ ցարդ չգերազանցուած նշաձող արձանագրելով, այլ նաեւ տարբեր ուղղութիւններով  խորհրդածութիւններու դուռ բանալով:

Արտեմ Փաթափութեան դասական սփիւռքին կը պատկանի: Աւելի՛ն. ան ծնած ու կազմաւորուած է յետցեղասպանական սփիւռքի ամէնէն կազմակերպ համայնքին մէջ, ուր ստացած է իր հայեցի կրթութիւնը եւ միութենական կազմաւորումը: Շարունակենք. զաւակն է սփիւռքահայ գրողի եւ մանկավարժի: Բոլոր նախադրեալներով` հայեցի մթնոլորտի մէջ կայացած անհատ:

Նման հմտութիւններ ունեցող սփիւռքահայ երիտասարդի գաղթը դէպի Միացեալ Նահանգներ կը խօսի ընդհանրական երեւոյթի մասին` առաջին հերթին: «Ուղեղներու արտագաղթ» ձեւակերպումով կը բնութագրուի այն երեւոյթը, որ զարգացման հսկայական ներուժ ունեցող անհատներու հեռացումն է կազմակերպ միջավայրէն, ուր անուրանալիօրէն ստացած են իրենց կազմաւորման ամէնէն կարեւոր ներշնչումներն ու դաստիարակութեան բազմաթիւ ուղղութիւնները: Միաժամանակ, սակայն, կ՛ուրուագծուի միւս հարցը. հմտութեան զարգացման համար միջավայրի փոփոխութիւնը, խոր մասնագիտութեան տիրանալու առաջադրանքը պայմանաւորուած է գիտական համաշխարհային կեդրոններու մէջ ներկայութիւն ըլլալով:

Ուրեմն. ստանալ հայեցիութիւնը, կազմաւորուիլ միութենական հաւաքական աշխատանքի օրինաչափութիւններով, տիրանալ բարձրագոյն ուսման, ապա մասնագիտանալու համար երթալ գիտութեան համաշխարհային կեդրոնները: Այդ կազմաւորումն ու դաստիարակութիւնը, սակայն, կը մղեն հարթելու վերադարձի ճանապարհը. վերադարձ` ակունքներուն, արմատներուն, ժողովուրդին: Խօսքը անպայման ֆիզիքական վերադարձի մասին չէ: Գործով, տիրացած հռչակով ու համբաւով իր ժողովուրդին օգտակար դառնալու մասին է:

Այստեղ նաեւ գլխիվար շրջուած է կեղծ կարծրատիպը: Հայկական վարժարանի աշակերտն է, հայկական վարժարան աւարտողը, որ հասած է մասնիկային կենսաբանութեան եւ ջղաբանութեան համաշխարհային մրցանակին: Փաստը շեշտելը կարեւոր է դէպի օտարացում առաջնորդուող եւ յաջողութեան գրաւականը հայկական դպրոցէն դուրս փնտռող մտածողութիւնը հեղեղային տարողութեամբ ջրելու առումով:

Տակաւին կայ այլ ուղերձ մը. գիտական ոլորտին մէջ սփիւռքահայ Փաթափութեաննները շատ են. անոնց հաւաքագրումի եւ մարդագրումի բացակայութիւնը մեր բացթողումն է. ո՛չ միայն իբրեւ սփիւռք, այլ նաեւ իբրեւ հայկական պետականութիւն: Գիտելիքահենք պետութիւն չի  կրնար կայանալ, եթէ չհաւաքագրուի համայն հայութեան գիտութեան ներուժը: Եթէ չստեղծուի համահայկական օրակարգը, եթէ չմշակուի համահայկական օրակարգ-ռազմավարութիւնը եւ անկէ չբխի այդ օրակարգերը իրականացնելու կառուցակարգը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յատկապէս ռազմաքաղաքական վերջին իրադարձութիւններէն ետք, օդի եւ ջուրի նման պէտք ունի սփիւռքահայ գիտական մարդուժին: Այդ մարդուժէն չօգտուելու շռայլութիւնը չունի հայկական  պետութիւնը:

Սփիւռքահայ կենսաբաններ, համավարակաբաններ, տիեզերագէտներ, ապագայագէտներ, մարդաբաններ, եւ նեղ մասնագիտական ոլորտներու բազմաթիւ փորձագէտներ եւ մասնագէտներ այսօր կը նպաստեն համամարդկային գիտութեան զարգացման գործընթացին:

Թշնամիներով շրջափակուած, պատերազմի վերսկսման սպառնալիքի տակ եղող մեր երկիրը գոյաբանական առումներով կանգնած է սփիւռքի մարդուժի օգտագործման հրամայականին առջեւ:

Եւ վստահաբար Նոպելեան մրցանակակիրներ տալու կարողականութիւնը ունեցող սփիւռքահայ գիտուժը պատրաստ է իր ներդրումը ունենալու Հայաստանի Հանրապետութեան գիտելիքահենք պետութիւն դառնալու գործին մէջ:

Սփիւռքի, այս պարագային գիտական գործօնի շրջանցումը, պարզապէս արդարացում չունի:

«Ա.»