ՀՀ բարձր տեխնոլոգիական (ճարտարագիտական) արդիւնաբերութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ հայկական 14 արհեստագիտական ընկերութիւն մասնակցած է «Համաշխարհային բջիջային քոնկրես 2024» (Mobile World Congress Barcelona) միջազգային ցուցահանդէսին:
«Հայաստան» միասնական տաղաւարին մէջ ընկերութիւնները ներկայացուցած են իրենց արտադրանքն ու նորարարական լուծումները ճարտարագիտական, արհեստական բանականութեան եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով:
Մասնակցութեան հետեւանքով ձեւաւորուած են շարք մը համագործակցութիւններ, ստորագրուած են գործակցութեան պայմանագիրներ: