Գուցէ, այսօր փոխուած է՞ այդ ընկալումը։ Գուցէ տեղի ունեցած դէպքերը, Սեւ Լիճերէն մինչեւ Փառուխ, անգամ մինչեւ Քարագլուխ, կամ Ստեփանակերտի ուղղակի թիրախ դառնալու «ճշմարտութիւն», ինչ որ բան փոխած ե՞ն Հայաստանի իրականութեան մէջ։
Այս բոլորը դիտարկելէ ետք անշուշտ, այսօր յետմիջօրէին Երեւանի սիրտին վրայ տեղի ունենալիք ընդդիմութեան հաւաքը մեծ պատասխան մը պիտի տայ այս հարցումներուն։
Ընդդիմութիւնը ճիշդ է։ Ցանկացած ժամանակի, ցանկացած իշխանութեան մէջ, ցանկացած թագաւորութեան, ցանկացած յաղթանակի ու մանաւանդ ցանկացած պարտութեան պարագային ընդդիմութիւնը ճիշդ է։ Այսօր ալ ճիշդ է Հայաստանի ընդդիմութիւնը, որ 2020 թուականէն ի վեր կը պայքարի մէկ նպատակի համար, որն է Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնէն արագ հեռացումը։
Այստեղ արդար ըլլալու համար, հարկ է յիշեցնել, որ նախքան աղէտալի պատերազմը ընդդիմութիւնը (ոչ անպայման նոյն ձեւաչափի, այլ նոյն գաղափարական միջուկով) պայքար տարաւ ՀՀ այն օրերու կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին դէմ, որ նաեւ պայքար էր մտածելակերպի, ընկալումներու եւ քաղաքական կասկածելի ձեռագրին դէմ։
Խնդիր է անշուշտ, որ ի հեճուկս անցեալ փուլերուն, այսօր Հայաստանի հասարակութեան մեծ մասը (արդեօք դեռ կարելի է՞ ըսել մեծ մասը) մեծ հաշուով «կոտրուած» է։ Ստացած վէրքերուն հետեւանքով դարձած է հաւատազուրկ եւ ինկած է «դատարկութեան» գիրկը։
Մինչ մօտիկ անցեալին շատ հեշտ եղաւ հասարակութիւնը փողոց հանել եւ իշխանափոխութիւն «ձեռք բերել», այսօրուայ ընդդիմութեան համար այդ մէկը դարձած է «լիւքս» համարուած ընկալում մը։
Անշուշտ այսօրուան խնդիրները շատ աւելի բարդ են, ու խնդրոյ առարկան, ոչ թէ հանրային փոխադրամիջոցներու թանկութիւնն է, այլ հայրենի հողը, Արցախով եւ Սիւնիքով։
Ու մտահոգիչն այն է, որ հակառակ այսօրուայ խնդիրներուն ծանրութեան հանրութիւնը կը շարունակէ մնալ իր հին գաղափարին վրայ, ու ընդդիմութեան բոլոր խաւերու շարժումները կը տեղադրէ «նախկինները ուզում են ետ գալ» մօտեցումին վրայ։
Գուցէ, այսօր փոխուած է՞ այդ ընկալումը։ Գուցէ տեղի ունեցած դէպքերը, Սեւ Լիճերէն մինչեւ Փառուխ, անգամ մինչեւ Քարագլուխ, կամ Ստեփանակերտի ուղղակի թիրախ դառնալու «ճշմարտութիւն», ինչ որ բան փոխած ե՞ն Հայաստանի իրականութեան մէջ։
Այս բոլորը դիտարկելէ ետք անշուշտ, այսօր յետմիջօրէին Երեւանի սիրտին վրայ տեղի ունենալիք ընդդիմութեան հաւաքը մեծ պատասխան մը պիտի տայ այս հարցումներուն։
Ըսել չէ անշուշտ, որ եթէ այսօրուան հաւաքը բազմամարդ չեղաւ, վերջացած է փոփոխութեան ամէն ճիգ, մանաւանդ, որ ընդդիմութեան գործիչներ սկսած են շեշտադրել, որ պայքարի այս փուլը, աննահանջ փուլ պիտի ըլլայ,բայց եւ այնպէս դարձեալ կրկնելու գնով պիտի դիտարկենք, որ այսօրուան բողոքի հաւաքը մեծ հաշուով ընդդիմութեան համար «ջերմաչափ»ի համազօր է։
Հայաստանը շատ ժամանակ չունի կորսցնելու , ու ներքին ճակատի վրայ ընդդիմութեան կողմէ բոլոր եզրերը եւ երանգները ի մի բերելու կարեւոր օրակարգը հիմա մեր առջեւ են։
Բացի այդ արտաքին ճակատին վրայ եւս տեղի կ՚ունեան կարեւոր զարգացումներ։ Նոր աշխարհ կը կերտուի, նոր ընկալումներով, նոր ձեւաչափերով եւ որոշակիօրէն նոր բեւեռներով։
Հոս եւս Հայաստան պարտաւոր է հաշուի նստիլ այդ փոփոխութիւններուն հետ։
Ամէն պարագայի տակ, երկրին մէջ կարեւոր առիթ եւ կարեւոր ընթացք մը կայ, որուն աւարտին պիտի դարձեալ ծագի յոյսի շողը։
Հայաստանը հզօր երկիր տեսնելու, հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ու մանաւանդ Արցախի խնդրին մէջ անզիջող ու յամար ըլլալու մօտեցումն է, որ պիտի փարատէ բոլոր տեսակի կասկածները։
Խօսքէն գործի անցնելու ժամանակն է եւ այդ ժամանակին մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ըսելիքը, բայց մանաւանդ ընելիքը պիտի ունենայ։
Լաւատեսօրէն պիտի նայինք այս պայքարին, ու մեր կամքը դարձնենք ամէնօրեայ պայքարի իրական յենարան։
«Ա»