«Սիրելի' հայրենակիցներ,
անսալով Հայրենիքի փրկութեան շարժման կոչին՝ ՀՀ բազմաթիւ արժանապատիւ քաղաքացիներ այսօր խաղաղ քաղաքացիական անհնազանդութեան արշաւներ իրականացուցած են Հայաստանի ողջ տարածքին։ Վաղը կը շարունակենք նոյն կերպ։ Նոյն ոգիով։ Նոյն վճռականութեամբ։
Օրուայ երկրորդ կէսին՝ ժամը 16։00-ին, հանդիպինք ՀՀ Ազգային ժողովի դիմաց եւ ժողովուրդի կամքը պարտադրենք իշխող ռեժիմին։
Միասին փրկենք մեր Հայրենիքը»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ