Թեհրանի փողոցներուն մէջ եւ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ ազատութիւն պահանջող իրանցի կանանց եւ տղամարդոց ոտնաձայներու արձագանգն է, X-ի ընկերային ցանցի իր էջին գրած է Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը։
Անոնք կը պահանջեն խօսքի, հաւաքներու, տեղաշարժի եւ, ամէնէն առաջ, կեանքի ազատութիւն, նշած է Ֆոն տեր Լեյէնը՝ յայտարարելով, որ Եւրոպան լիովին կ՚աջակցի իրանցիներուն։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահը շեշտած է, որ ինքը խստօրէն կը դատապարտէ օրինական ցոյցերու բռնի ճնշումը։
Ան նաեւ կոչ ըրած է անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուած ցուցարարները, վերականգնելու համացանցի հասանելիութիւնը եւ յարգելու հիմնարար իրաւունքները։