«Արեւելք»(Այնճար) Օրերս իր պապենական օճախը այցելող Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանի բարերար աջակցութեամբ տեղի ունեցած է հայաւանի աւագ սերունդի անդամուհիները մէկտեղող հաւաք-ճաշկերոյթ մը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին այդ առթիւ պատրաստած լրատաւութիւնը։ Տեղին է նշել, որ Տէր Հօր աջակցութիւնը իր հայրենի գիւղին նորութիւն մը չէ, եւ արժանաւոր Տէր Հայր բազում առիթներով իր նեցուկը ցոյց տուած է Այնճարին։
Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու Յանձնախումբին, Բարերարութեամբ ԱՄՆ-ու Նիւ Եորք քաղաքի «Սուրբ Լուսաւորիչ» Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւին և Հոգաբարձութեան Այնճար աւանի աւագ սերունդին (տարեցներուն) ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ, Երկուշաբթի 5 Օգոստոս 2024֊ին,կէսօրուան ժամը 12։00֊էն 3։00 «Սուրբ Պօղոս"Եկեղեցւոյ Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ մեր գիւղի զաւակներէն բարերար Տէր Մեսրոպ քահանայ և երէցկին Էօժենի Լագիսեաններուն,հոգեւոր հայրերու, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիներու Ազատիկ Տաղլեանի և Մարալ Երեցեանի, և շուրջ ութսունհինգ տարեցներու, մասնաճիւղի
վարչութեան և տարեցներու Յանձնախումբին։ ՀՕՄ֊ի քայլերգի լոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց ընկհ.Համեստ Ճամպազեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն։Ապա Տէր Մեսրոպ քահանայ Լագիսեան յուզումնախառն զգացումներով արտայայտեց իր ուրախութիւնը թէ կը գտնուի իր ծննդավայրին մէջ շրջապատուած աւագ սերունդի «երիտասարդ» համագիւղացիներով։ Ան իր օրհնութեամբ առողջ և Արևշատ օրեր մաղթեց բոլոր ներկաներուն։ Ներկաները խանդավառուած երգերով ,պարերով,ասմունքով ճոխացուցին մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ օրդ. Մաթիլտա Գէօհիւլեան իր երգերով հրապուրեց ներկայ ժողովուրդը։ Ապա Շնորհակալութեան և երախտատագիտական խօսք արտասանեց Տէր Մեսրոպ Աւագ Քահանայ քէրքէզեան։ Աւարտին մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ.Լալիկ Խօշեան ԼՕԽ-ի ի«Աղթամար» մասնաճիւղի բոլոր ընկերուհիներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Տէր Հօր և յուշանուէրով մը պատուեց զայն։ Ձեռնարկը վերջ գտաւ Տէր հօր պահպանիչով։