image

Այնճարի մէջ՝ հունձքի տօնին 77-ամեակը՝ աղօթքով, երախտագիտութեամբ ու նուիրումով

Այնճարի մէջ՝ հունձքի տօնին 77-ամեակը՝ աղօթքով, երախտագիտութեամբ ու նուիրումով

Մայր բնութեան բարիքներուն հունձքը միայն արտերուն մէջ հաւաքուած բերքը չէ. ան նաեւ մարդու սրտին մէջ ծնած երախտագիտութեան, սիրոյ եւ բաժնեկցութեան հունձքն է։

Այս խոր գիտակցութեամբ՝ Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, սրտաբուխ աղօթքներով եւ երախտագէտ հոգիներով, Այնճարի հայաւանի ժողովուրդը համախմբուեցաւ՝ գոհաբանական պաշտամունք մատուցելու առ Աստուած՝ առաջնորդութեամբ Վեր. Յակոբ Աքպաշարեանի եւ Պատ. Ասատուր Մնչրեանի։

Միսիոնար քոյրերու կողմէ սկիզբ առած «Հունձքի տօն»ի 77-րդ տարեդարձին առիթով, պաշտամունքին ներկայ գտնուեցան Այնճարի եւ Զահլէի պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։

Ներկաները լսեցին ՔԱՀԼ-ի տնօրէն՝ Պատուելի Սեպուհ Թերզեանի կողմէ Աստուծոյ Խօսքին մեկնաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ տարեցներու խնամքի եւ ՔԱՀԼ-ի առաքելութեան վերաբերեալ կարեւոր տեղեկութիւններ։

Աւանդական բարի սովորութեան համաձայն՝ Այնճարի ժողովուրդին կողմէ նուիրուած բերքն ու նիւթական առատ նուիրատուութիւնը սիրով յանձնուեցան ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան՝ ի նպաստ տարեցներու խնամքի եւ հաստատութեան նուիրեալ առաքելութեան։

Այսպէս, 77 տարի անց, հունձքի տօնը Այնճարի մէջ կը շարունակէ ըլլալ ոչ միայն գոհաբանութեան, այլեւ սիրոյ, բաժնեկցութեան եւ կարիքաւորին ձեռք երկարելու գեղեցիկ վկայութիւն մը։