Դիմագրաւելու համար տնտեսական բարդ իրավիճակը Լիբանանի Այնճար հայաւանի պատասխանատու մարմինները հետամուտ են ստեղծել տնտեսական այնպիսի լծակներ, որոնց շնորհիւ ալ կարելի պիտի ըլլայ կեանքի հիմնարար պայմանները տրամադրել գիւղի մեր ժողովուրդին։
Այս առումով ալ Այնճար աւանին մէջ անցնող գրեթէ տարիներուն ընթացք առած է ու տակաւին կը շարունակուի գիւղը ելեկտրական (արեւային) վահանակներով օժտելու ծրագիրը։
Սփիւռքի չորս ծագերուն գտնուող մեր հայրենակիցները մասնակից կը դառնան այս ծրագրին եւ նոյն առումով ալ «Արեւելք» առիթ չի փախցնէր գրելու այդ մասին, որուն հիմնական նախաձեռնողն անշուշտ Այնճարի «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութիւնն է, իր կողքին ունենալով գիւղի կրօնական թէ աշխարհիկ մարմիններու անմնացորդ նեցուկը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ծրագրին մասին վերջին տուեալները, որ «Արեւելք»ին փոխանցուեցաւ Այնճարի պատկան մարմիններէն։
Սիրելի հայրենակիցներ ,
2022ի ամրան , Այնճարի մէջ ընթացք առած ՀՅԴ "Կարմիր Լեռ" կոմիտէի արեւային վահանակներու ծրագիրը , սկսաւ գործել նոյն տարուայ դեկտեմբերին ։Ծրագիրը , օգտագործելով արեւային ուժը,նպատակ ունէր խնայել ելեկտրականութիւն արտադրող մեքենաներուն սպառած վառելանիւթը (fuel saving programme)։
Ուրախ ենք յայտարարելու ,որ 2023 տարուայ ընթացքին, կրցած ենք արեւային վահանակներէն օգտուիլ 105706 Ամ.տոլարի արժողութեամբ ելեկտրականութիւն։Ընդհանուր այս գումարը , զեղչուած է մեր հայրենակիցներու ելեկտրականութեան ամսավճարներէն։
Յայտնենք թէ տակաւին ծրագիրը ամբոցջացած չէ,եւ շուտով կը սկսի երրորդ ելեկտրածին մեքենան արեւային վահանակներով օժտելու աշխատանքը։
Այս առիթով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց՝ որոնք թիկունք կանգնեցան կոմիտէին, այս ծրագիրը իրագործելու համար։