image

«Այլուլ ալ ասուատ» Կամ «Սեւ սեպտեմբեր»ը Միւնիխի մէջ...

 «Այլուլ ալ ասուատ» Կամ  «Սեւ սեպտեմբեր»ը Միւնիխի մէջ...

Հազարաւոր հրեաներ, հազարաւոր պաղեստինցիներ եւ հազարաւոր արաբներ ու իսլամներ զոհուած են այս պայքարի խրամատներուն մէջ, առանց սակայն հասկնալու, որ արաբ- իսրայէլեան (այսօր արդէն պաղեստին- իսրայէլեան) պայքարը կրնայ աւարտիլ միայն ու միայն խաղաղութեան, ոչ ծայրայեղ եւ արդիական միտք ու ոգի ունեցող ղեկավարութեան մը առկայութեան պարագային, որն այսօր քիչ մը ամէն տեղ իրողապէս «տէֆիցիտ» է ու անգտանելի։

 1972 Թուականին եղած գրոհումը, որ որոշակի ժամանակով մը «ցնցեց» ամբողջ աշխարհը, այսօր արդէն դրական միաւոր մը չի համարուիր պաղեստինցի ժողովուրդին համար, որ այս օրերուն ալ ջարդէ-ջարդ եւ սպանդէ սպանդ կը գալարի...։

 

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

 52 Տարի առաջ ճիշդ այսօրուան պէս տեղի ունեցաւ «Միւնիխի գործողութիւն»ը։ Պաղեստինեան զինեալ արարքը, որ ուղղուած էր Գերմանիոյ մէջ ընթացող Ողիմպիական խաղերուն մասնակից իսրայէլեան մարզական պատուիրակութեան դէմ։

 

 

 «Սեւ սեպտեմբեր» անունով յայտնի պաղեստինցի զինեալներու 8 հոգիներէ բաղկացող խմբակը յաջողութեամբ գերի կը վերցնէր 11 իսրայէլացիներ ու գրաւման ընթացքին ալ կը սպաննէր անոնցմէ 2-ը։

 

 Գերեվարման լուրի տարածումէն անմիջապէս ետք, եւ ոաւական երկար տեւած բանակցութիւններու աւարտին Գերմանիոյ կառավարական մարմինները ընդառաջ կ՚երթային պաղեստինցիներու պայմաններուն ու 2 ուղղաթիռներով գերիներն ու զինեալները կը մեկնէին Fürstenfeldbruck քաղաքի «ՆԱԹՕ»-ի ռազմական օդակայանը։

 

 Ապա ընթացք կ՚առնէր Գերմանիոյ իրաւապահ մարմիններուն կազմակերպած եւ գերիները ազատելու միտող գործողութիւնը, որ սակայն կը ձախողէր։

 3 Ժամ տեւած հրաձգութիւնէ ետք 8 պաղեստինցի զինեալներէն 5-ը կը զոհուին, կը զոհուին նաեւ իսրայէլացի 9 գերիները։

 

 Ֆետայական այս գործողութիւնը ունէր քարոզչական նպատակներ (բաց աստի պաղեստինցիք կը պահանջէին 200 -է աւելի բանտարկեալներու ազատ արձակումը) , որուն հիմքն ալ աշխարհը իրազեկ դարձնելն էր պաղեստինեան դատին մասին։

 Կը նշուի նաեւ, որ գրոհին մասնակից պաղեստինցներէն մին մահապատիժի կ՚ենթարկուէր ու ան կը սպաննուէր փամփուշտներ «ի յիշատակ» 11 իսրայէլացի զոհուած գերիներուն։

 

 Այդ օրերուն պաղեստինեան գետինը բառիս բուն իմաստով «կ՚եռար», որովհետեւ իսրայէլեան «Մոսատ»ը կարողացած էր սպաննել պաղեստինեան դատի իրաւ պաշտպաններէն՝ լրագրող եւ մտաւորական՝ Ղասսան Քանաֆանին Պէյրութի մէջ։

 

 Փոխ-սպաննութիւններու այս «խաղ»ը ի հարկէ աւարտ մը չունեցաւ ու անկէ որոշ ժամանակ մը ետք իսրայէլացիք տարբեր մակարդակի հարուածներ տուին պաղեստինցիներուն։

 

 Ճիշդ է ցնցիչ էր եղածը, սակայն տխուր փաստ մնաց, որ հակառակ պետութիւն մը ունենալու իրենց երազի իրականացման, պաղեստինցիք, ցայսօր ալ կը շարունակեն հիմնական ընտրանք համարել ֆետայական գործողութիւնները, որուն մասին ալ քաղաքակիրթ աշխարհը առաջուան դրական տեսակէտը չունի այլեւս եւ այն ալ ինչ-ինչ հիմնաւոր ու յաճախ ալ ոչ հիմնաւոր պատճառներով։ 

 

 Հազարաւոր հրեաներ, հազարաւոր պաղեստինցիներ եւ հազարաւոր արաբներ ու իսլամներ զոհուած են այս պայքարի խրամատներուն մէջ, առանց սակայն հասկնալու, որ արաբ- իսրայէլեան (այսօր արդէն պաղեստին- իսրայէլեան) պայքարը կրնայ աւարտիլ միայն ու միայն խաղաղութեան, ոչ ծայրայեղ եւ արդիական միտք ու ոգի ունեցող ղեկավարութեան մը առկայութեան պարագային, որն այսօր քիչ մը ամէն տեղ իրողապէս «տէֆիցիտ» է ու անգտանելի։

 

 1972 Թուականին եղած գրոհումը, որ որոշակի ժամանակով մը «ցնցեց» ամբողջ աշխարհը, այսօր արդէն դրական միաւոր մը չի համարուիր պաղեստինցի ժողովուրդին համար, որ այս օրերուն ալ ջարդէ-ջարդ եւ սպանդէ սպանդ կը գալարի...։

 Հասկացողաց բարեւ