image

Այցելութիւն Տհոքի նահանգապետին

Այցելութիւն Տհոքի նահանգապետին

Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը, օրերս, այցելութիւն տուած է Տհոքի նահանգապետին։

«Արեւելք» վերահասու դարձաւ այս մասին Իրաքի Թեմի  Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Օգոստոս 28 ի առաւօտեան, Թեմիս  Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս.  Կիւլկիւլեանը, ընկերակցութեամբ Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Մասիս քհյ․ Շահինեանի եւ Տհոքի թաղական խորհուրդի ատենապետ Պրն․ Երուանդ Ամինեանի այցելեց Տհոքի նահանգապետ՝ Դոկտ․ Ալի Ալ-Թաթար։