28 Մայիսին Աւետիսեան դպրոցը տօնական ու զարդարուն էր հիւրընկալօրէն ծածանող հսկայական եռագոյնով, մայիսեան վարդերու շքեղութեամբ:
Մթնոլորտը տոգորուած էր օրուայ խորհուրդի շունչով. չէ՞ որ կրթօճախը հրաժեշտ կու տար 2020-2021 ուսումնական տարուան իր շրջանաւարտներուն: Հրաժեշտի արարողութեան մասնակցեցան աւագ դպրոցի աշակերտներ, ծնողներ, հիւրեր մայրաքաղաքի կրթական հաստատութիւններէն:
Պատուաւոր հիւրերու շարքին էին ԱՀԱԸ եւ Աւետիսեան դպրոցի համակարգող մարմնի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ 2019-2020 ուսումնական տարուան շրջանաւարտները, որոնց աւարտական զանգի հանդիսութիւնը անցեալ տարի չեղարկուած էր համավարակի պատճառով:
Կը հնչէ տօնական, հանդիսաւոր երաժշտութիւնը: Ներս կը բերուին ՀՀ պետական եւ Աւետիսեան դպրոցի դրօշները: Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ, վերապատուելի Մկրտիչ Մելքոնեանի աղօթքէն ետք ողջոյնի ուղերձ կը յղէ դպրոցի տնօրէն Մելանիա Գեղամեանը: Այնուհետեւ շրջանաւարտներուն իր հայրական խօսքը կ'ըսէ ԱՀԱԸ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը:
Շրջանաւարտներուն բարեմաղթանքի եւ ողջերթի ուղերձով կը դիմէ ԱՀԱԸ Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը: Օրուայ բանախօսը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի դասախօս, դոկտոր Յասմիկ Պարանը իր շնորհաւորական ելոյթին մէջ կը կարեւորէ ներկայ դարաշրջանի մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ ճիշդ ընտրութեան եւ աստուածահաճոյ ապրելակերպի անհրաժեշտութիւնը:
Շրջանաւարտներու անունով շնորհակալական խօսք կ'ըսեն Լուսիա Գիւրճեանը եւ Կարօ Պետրոսեանը: Այնուհետեւ բեմ կը հրաւիրուին ուսումնական տարուան 34 շրջանաւարտները, որոնք վերապատուելի Զաւէն Խանճեանի ձեռքէն կը ստանան իրենց հասունութեան վկայականները՝ միջնակարգ դպրոցը աւարտելու հաւաստագրերը: Աւետիսեան դպրոցի աւարտական հանդէսը, աւանդոյթի համաձայն, կ'աւարտի դպրոցի կանաչազարդ բակին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտները երկինք կը թռցնեն իրենց երազանքներու գոյնզգոյն օդապարիկները: Բարի՜ ճանապարհ, սիրելի՛ շրջանաւարտներ: Ձեր ստեղծագործ ճախրանքին կը մաղթենք անամպ երկինք եւ խաղաղ հորիզօններ:
Նիւթը քաղած ենք «Աւետիսեան դպրոց»ի պաշտօնական կայքէն