Ատրպէյճանը Հայաստանին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ իր հերթական մեկնաբանութիւնները: Այդ մասին 13 սեպտեմբերին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այհան Հաճիզատէն, հաղորդած է «ԱՊԱ» գործակալութիւնը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 օգոստոսին տեղի ունեցած Կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնած էր, որ հայկական կողմը ատրպէյճանական կողմին փոխանցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ իր նոր առաջարկները։
Հայ-ատրպէյճանական վերջին հանդիպումը կայացած է 25 յուլիսին Մոսկուայի մէջ՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։