Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը Հայաստանին առաջարկած է հանդիպում կազմակերպել սահմանին

Ատրպէյճանը Հայաստանին առաջարկած է հանդիպում կազմակերպել սահմանին

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանին կ՚առաջարկէ հանդիպում կայացնել սահմանին՝ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ աշխատանքներն աւարտին հասցնելու համար։

«Ատրպէյճանը պատրաստ է Հայաստանի հետ երկկողմ հիմունքներով ուղիղ բանակցութիւններու ՝ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ աւարտի համար։ Մենք կը կարծենք, որ երկու երկիրները պէտք է միասին որոշեն իրենց ապագայ յարաբերութիւնները։ Երկու երկիրները պատասխանատւութիւն կը կրեն խաղաղ գործընթացը շարունակելու, այդ շարքին՝ փոխադարձ ընդունելի վայր ընտրելու կամ պետական սահմանին հանդիպելու որոշում կայացնելու համար»,-ըսուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ատրպէյճանական կողմը յուսով է, որ Հայաստանը դրական կ՚արձագանգէ բանակցութիւնները շուտափոյթ վերսկսելու առաջարկին։ Պաքուն Երեւանին նաեւ կոչ կ՚ընէ «թոյլ չտալու նոր անհարկի պարապուրդներ»։

«Այն փաստը, որ Հայաստանէն պահանջուեցաւ մօտ երկուքուկէս ամիս՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկներուն պատասխանելու համար, լրջօրէն կը խաթարէ գործընթացը: Խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ այս լճացումը չի նպաստեր տարածաշրջանի կայունութեանն ու բարգաւաճման»,- նշուած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ։