Մարտական շփման գիծին, մասնաւորապէս` Սոթք-Կուտական հատուածին մէջ, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու ծառայութեան գիշերային դիտարկման եւ վերլուծութեան շնորհիւ պարզուած է, որ անոնց ստորաբաժանումները հրադադարը խախտած են նախ կրակելով իրար, ապա՝ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Այդպիսով, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը, նախ կը ստեղծէ տպաւորութիւն, որ հայկական կողմը կը կրակէ իր յենակէտերու ուղղութեամբ, ապա կը սկսի տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ իբր ի պատասխան հայկական կողմէ բացուած կրակի: