Ատպէյճանի մէջ զինապարտներու ուսումնական հաւաքներ կը կատարուին։
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, հաւաքները կ'իրականացուին 2023-ի նախապատրաստական ծրագրի համաձայն։ Հաւաքներուն կը մասնակցին պահեստի զինապարտները։
Ուսումնական հաւաքներուն պիտի իրականացուին շարային պատրաստութեան եւ կապի պարապմունքներ, զինապարտները պիտի իւրացնեն զէնքի եւ զինատեսակներու մարտավարական եւ տեխնիկական բնութագրերը, ինչպէս նաեւ անոնց հետ վարուելու կանոնները։ Հաւաքներու ժամանակ հիմնական ուշադրութիւնը պիտի յատկացուի պահեստի զինապարտներու մարտական հմտութիւններու, գիտելիքներու ամրապնդման կատարելագործման։