Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, 31 յուլիսին, պաշտօնական այցով մեկնած է Թուրքիա։
Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Կը հաղորդուի, որ այցի շրջածիրէն ներս Պայրամով հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։