image

Ատրպէյճանէն կաշառք ստանալու մէջ մեղադրուած գերման պատգամաւորը հրաժարած է իր մանտաթէն

Ատրպէյճանէն կաշառք ստանալու մէջ մեղադրուած գերման պատգամաւորը հրաժարած է իր մանտաթէն

Գերմանիոյ Պունտեսթակի պատգամաւոր Մարք Հաուփթմընը վար դրած է մանտաթը՝ Ատրպէյճանէն կաշառք վերցնելու, անոնց համար լոպպիստական գործունէութիւն իրականացնելու եւ իր թերթին մէջ այդ երկիրը գովազդելու գործի առնչութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ «Deutsche welle»-ն:

Հաուփթմընը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի պահպանողական կուսակցութեան անդամ է եւ արդէն երրորդ գերմանացի խորհրդարանականն է, որ վար կը դնէ մանտաթը վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին: Միւս երկուքը՝ Նիքոլաս Լիոպելը եւ Կէորկ Նիւսլենը, ներքաշուած եղած են «դիմակային գայթակղութեան» մէջ՝ համավարակի պայմաններուն դիմակներու ձեռնարկատիրութեան մէջ ներգրաւուածութեան համար:

Մարք Հաուփթմընը հերքած է Ատրպէյճանէն գումար վերցնելու վերաբերեալ մեղադրանքները: «Ես երբեք որեւէ գումար չեմ ստացած եւ երբեք իմ քաղաքական գործունէութեան վրայ որեւէ ճնշում չէ եղած»,- ըսած է ան: