image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանեան նոր ձեւի գրոհ՝ Հայաստանի հանքագործութեան դէմ 20-է աւելի ատրպէյճանական կազմակերպութիւններ «դիմած են» Փաշինեանին

Ատրպէյճանեան նոր ձեւի գրոհ՝ Հայաստանի հանքագործութեան դէմ 20-է աւելի ատրպէյճանական կազմակերպութիւններ «դիմած են» Փաշինեանին

Ատրպէյճանի հասարակական կազմակերպութիւնները դիմում յղած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հանքարդիւնաբերութեան կողմէ «բնապահպանական կայունութեան խախտման» վերաբերեալ։ Այս մասին գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Դիմումին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Պարոն վարչապետ,

Մենք՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ գործող ներքոստորագրեալ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններս, կը գրենք այս նամակը՝ յայտնելով մեր խոր մտահոգութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ միջազգային բնապահպանական նորմերու եւ չափանիշերու կոպտագոյն խախտումով իրականացուող գործունէութեան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնապահպանական ազդեցութիւններու հետեւանքով առաջացած լուրջ բնապահպանական ճգնաժամի կապակցութեամբ։ 

Շարունակուող հանքարդիւնաբերական աշխատանքներու պատճառով էքօ-համակարգի ոչնչացումը վտանգ կը ներկայացնէ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ հարեւան երկիրներու շրջակայ միջավայրի համար։ Բնապահպանական վնասներու անդրսահմանային բնոյթը կը վտանգէ տարածաշրջանի եւ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող համայնքներու առողջութիւնն ու բարեկեցութիւնը:

Կը պահանջենք դադրեցնել միջազգային բնապահպանական նորմերու ու չափանիշերու, տարածաշրջանի բնակչութեան իրաւունքներու խախտմամբ իրականացուող հանքարդիւնաբերական աշխատանքները», -ըսուած է նամակին մէջ:

Ատրպէյճանցիները կոչ ըրած են Հայաստանի Հանրապետութեան անյապաղ դադրեցնելու շարք մը ձեռնարկութիւններու, այդ շարքին՝ Քաջարանի մէջ Զանգեզուրի «պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ի, Կապանի «լեռնահարստացուցիչ կոմբինատ»ի, Ագարակի «պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ի, Ախթալայի հանքավայրի, Գեղարքունիքի պղնձաձուլարանի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Երասխի մէջ նոր մետաղաշինութեան գործարանի կառուցումը:

Նամակի հեղինակները Հայաստանի ղեկավարութեան կոչ ըրած են նպաստաւոր միջավայր ստեղծելու հանքարդիւնաբերութեան վերաբերեալ երկխօսութեան եւ որոշումներու կայացման գործընթացներուն քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու եւ տեղական համայնքներու աշխուժ մասնակցութեան համար։

«Կը դիմենք Ձեզի խնդրանքով, հաշուի առնելով վերը նշուած միջազգային չափանիշերն ու սկզբունքները, բանալ Հայաստանի բոլոր հանքարդիւնաբերական կառոյցներու դռները փորձագէտներու, բնապահպանութեան եւ առողջապահութեան ոլորտի մէջ մասնագիտացած Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու համար՝ ապահովելու բոլոր պայմանները ձեռնարկութիւններու ստուգման, գնահատման եւ վերահսկողութեան, համապատասխան նմուշներու ընտրութեան, չափագրման աշխատանքներու կատարման համար», - գրած են նամակի հեղինակները:

Այս ուղերձի տակ ստորագրած է ատրպէյճանական 24 Հասարակական Կազմակերպութեան ղեկավար: