Ատրպէյճանեան ուժեր երէկ գիշեր կրակ բացած են Սոթք հանքավայրի ուղղութեամբ։
Այս մասին լուրը հաղորդած է News.am կայքը, որ նաեւ նշած է, թէ հանքավայրէն ներս գտնուող բոլոր աշխատաւորները տարհանուած են։
Կը նշուի նաեւ, որ այս պահու դրութեամբ հանքավայրը փակ է եւ չի գործեր։