Ատրպէյճանի մէջ մտածած են հարցում կայացնել «Ղարաբաղի մէջ յատուկ գործողութիւն իրականացնելու» թեմայով։
Ինչպէս յայտնած է APA-ն, հարցախոյզը կազմակերպած է Ընկերայիան հետազօտութիւններու կեդրոնը։ Ըստ աղբիւրի՝ հարցուածներու 71,3%-ը դրական պատասխանած է «Ի՞նչ կը կարծէք, Ատրպէյճանը պէտք է նոր ռազմական գործողութիւններ իրականացնէ Ղարաբաղի մէջ անօրինական զինուած խմբաւորումներու դէմ»։
Հարցման մասնակցածներու 24,1%-ը հակառակ դիրքորոշում արտայայտած է՝ նշելով, որ նոր ռազմական գործողութիւններ չեն ուզեր։ Հարցուածներու 4,6%-ը դժուարացած է պատասխանել այս հարցին։
Ընթացիկ հետազօտութեան տուեալներու հաւաքագրումը տեղի ունեցած է 2023 թուականի սեպտեմբեր 8-էն 11-ը։ Հարցումները տրուած են հեռախօսային հարցազրոյցներու տեսքով եւ ընդգրկած են 18 տարեկանէն բարձր 390 հարցուողներ։