image

Յատուկ գործողութեան բոլոր նպատակները պիտի իրականան. Սերկէյ Լաւրով

Յատուկ գործողութեան բոլոր նպատակները պիտի իրականան. Սերկէյ Լաւրով

«Յատուկ ռազմական գործողութեան» բոլոր նպատակները պիտի իրագործուին։ Այս մասին «ՎԳՏՌԿ» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

«Մենք կանոնաւոր կերպով ուժեղ յայտարարութիւններ կը լսենք։ Եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յստակօրէն կը զգուշացնէ, որ «յատուկ ռազմական գործողութեան» բոլոր նպատակները պիտի իրականացուին»,– ըսած է նախարարը։

Լաւրովի խօսքով՝ Ռուսիա պիտի չիջնէ Ուքրանիոյ կողմէ գործածուող մեթոտներու մակարդակին, այլ իր սեփական մեթոտները պիտի դարձնէ շատ աւելի խիստ։

«Մենք այդ մակարդակին պիտի չիջնենք, սակայն մեր սեփական մեթոտները պիտի դարձնենք շատ աւելի խիստ՝ Արեւմուտքի կողմէ Քիեւի ռազմական մեքենային սնունդ մատակարարող ամէն ինչի ոչնչացման նպատակով։ Եւ մենք արդէն կը կատարենք այդ։ Անոնք արդէն կը սկսին հառաչել»,– ըսած է ան։