Ատրպէյճանցի 4 զինուորական շրջանցած է Շուշիի մօտ գտնուող խաղաղապահներուն յենակէտը եւ դուրս եկած դէպի Ստեփանակերտ տանող մայրուղի, թանկ-յուշարձանի մօտակայք, կը յայտնէ Wargonzo թելեկրամեան ալիքը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։
Անոնք ցուցանակին վրայ գրառումներ ըրած են ու հեռացած։
Մինչդեռ, ըստ երեք երկիրներու ղեկավարներու՝ 9 Նոյեմբերին ստորագրած եռակողմ յայտարարութեան, Լաչինի միջանցքով՝ մայրուղիէն 2.5 քմ հեռաւորութեան վրայ, բացի ռուս խաղաղապահներէն, որեւէ այլ երկրի զինուորականներ պէտք չէ ըլլան:
Ըստ աղբիւրին, միջադէպի վերաբերեալ զեկուցուած է ՌԴ խաղաղապահ ուժերու սպաներուն եւ անոնք առաջիկային գնահատական կու տան եռակողմ համաձայնութեան հակասող այս գործողութիւններուն: