image

Ատրպէյճանական կողմը Մեծամորի հարցով դիմած է Միջուկային ուժանիւթի գագաթնաժողովի համանախագահներուն

Ատրպէյճանական կողմը Մեծամորի  հարցով դիմած է Միջուկային ուժանիւթի գագաթնաժողովի համանախագահներուն

Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի Մեծամորի աթոմակայանի հարցով բաց նամակով դիմած են Պրիւքսէլի մէջ 21 մարտին մեկնարկած Միջուկային ուժանիւթի անդրանիկ գագաթնաժողովի համանախագահներուն՝ Պելժիոյ վարչապետ Ալեքսանտր տե Քրուային եւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ԱԷՄԳ) ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսիին։ Այս մասին գրած է «Ազատութիւնը»:

Ըստ ատրպէյճանական կողմի՝ անոնք կոչ ըրած են գագաթնաժողովի ղեկավարութեան ուշադրութիւն դարձնելու, ինչպէս իրենք բնորոշած են, «վթարային վիճակի մէջ գտնուող աթոմակայանէն սպառնացող համաշխարհային վտանգին» եւ Հայաստանի կառավարութեան առջեւ բարձրացնելու աթոմակայանի գործունէութիւնն անյապաղ դադրեցնելու հարցը։

«Մեծամորի աթոմակայանը, որ կառուցուած է 1976 թուականին 9,5 աստիճանի երկրաշարժային գօտիի վրայ, կ՚աշխատի հին արուեստագիտութիւններով եւ նախատեսուած է 8 աստիճանի համար։ Այն մեծ միջուկային վտանգ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ ողջ տարածաշրջանի համար», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է, որ աշխուժօրէն կը համագործակցի Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ միջուկային անվտանգութեան ապահովման հարցով՝ կատարելով իր բոլոր պարտաւորութիւնները։ 21 մարտին այդ մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վերահաստատեց Միջուկային ուժանիւթի անդրանիկ գագաթնաժողովի ժամանակ նաեւ տեղեկացնելով, որ Հայատանը պիտի երկարացնէ աթոմակայանի շահագործման ժամկէտը 2026-էն մինչեւ 2036-ը:

Կրոսսին ալ 2022-ի վերջաւորութեան Երեւան էր։ Գործակալութեան ընդհանուր տնօրէնը վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպման քննարկած էր աթոմակայանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ աշխատանքները, գոհունակութեամբ խօսած աթոմակայանին մէջ բարեփոխումներու մասին։