«Նախնական հնարաւոր չի եղել պարզել զոհուածը քաղաքացիական անձ է, թէ զինծառայող: Դատաբժշկական փորձաքննութիւն է նշանակուել՝ պարզելու ինքնութիւնը: Ընդհանուր առմամբ առայսօր յայտնաբերուել է 1355 զոհուած զինծառայողի եւ քաղաքացիական անձանց աճիւններ: Փետրուարի 3-ին որոնողական աշխատանքներ էին նախատեսուած Վարանտայի (Ֆիզուլի) եւ Ջրականի (Ջապրայիլ) ուղղութեամբ, սակայն ատրպէյճանական կողմը, առանց պատճառաբանութեան, չի թոյլատրել»,-նշած է Թադեւոսեանը՝ աւելցնելով, որ զուգահեռ կը շարունակուին նաեւ հնարաւոր ողջ մնացած զինծառայողներու ու քաղաքացիներու որոնման աշխատանքները: