Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է մէկ ամիսէն ալ քիչ ժամանակի մէջ ատրպէյճանական նաւթամթերքի երկրորդ խմբաքանակի մատակարարումը Հայաստան:
«Ուրախալի է տեսնել, որ կարեւոր քայլեր կը ձեռնարկուին տարածաշրջանին մէջ առեւտրային յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ»,- նշուած է Գերմանիոյ ԱԳՆ Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասեան տարածաշրջանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժանմունքի հաղորդագրութեան մէջ։
Աւելի վաղ յայտարարուած է, որ Ատրպէյճանէն Հայաստան կու գայ նաւթամթերքի երկրորդ խմբաքանակը: Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի խօսքով՝ այն կը ներառէ քանի մը հազար թոն փրեմիում եւ ռեկուլըր դասի պենզին, ինչպէս նաեւ տիզելային վառելիք: Նախնական գնահատականներով՝ վառելիքի գինը շուկայականէն ցած պիտի ըլլայ 80 դրամով։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յունուար 7-ին տեղեկութիւն տարածած էին, որ Պաքուն Հայաստան նաւթամթերքի խմբաքանակ պիտի ուղարկէ: Նշուած է, որ այս անգամ Հայաստան պիտի մատակարարուի 1000 թոն АИ-92 տեսակի պենզին, նոյն քանակութեամբ տիզելային վառելիք եւ 1800 թոն АИ-95 տեսակի պենզին: