image

«Ատրպէյճանա-թրքական յարաբերութիւնները հասած են բարձրագոյն կէտի»․ Պայրամով

«Ատրպէյճանա-թրքական յարաբերութիւնները հասած են բարձրագոյն կէտի»․ Պայրամով

«Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած Շուշիի հռչակագրով երկու երկիրներու յարաբերութիւնները հասած են տէ-յուրէ բարձրագոյն կէտի՝ ռազամավարական յարաբերութիւններու մակարդակի», Պաքուի մէջ կայացած ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

«Դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին» հռչակագիրը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները ստորագրած էին այս տարուայ Յունիս 15-ին Շուշիի մէջ։

Պայրամով խօսած է նաեւ ԵՄ հետ յարաբերութիւններու մասին։

Ատրպէյճանական դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարին խօսքով՝ պաշտօնական Պաքուն կ'ակնկալէ 2022 թուականին աւարտին հասցնել ԵՄ հետ ռազմավարական համագործակցութեան մասին պայմանագրին շուրջ բանակցութիւնները։

«Այս պահուն համաձայնեցուած չեն առեւտրատնտեսական ոլորտին վերաբերող շարք մը հարցեր, սակայն անոնց թիւը զգալիօրէն նուազած է», յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։

Աւելի վաղ ատրպէյճանական աղբիւրները տեղեկացուցած էին, որ ԵՄ եւ Պաքուի միջեւ պայմանագիրը համաձայնեցուած է շուրջ 90 տոկոսով։